2016-02-05 17:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Փետրուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւններու լսատեսողական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) 2016-էն սկսեալ, Ֆրանչիսկոս պապին հովանաւորութեամբ, որոշուած է Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները ներկայացնել նաեւ Քահանայապետի մէկ լսատեսողական պատգամով։

Փետրուար ամսուայ Տիեզերական աղօթքի դիտաւորութիւնն է ''Որպէսզի խնամք տանինք արարչութեան, ընկալուած որպէս անշահախնդիր պարգեւ, զոր մշակելու եւ պահպանելու ենք  ապագայ սերունդներուն ի շահ''։

Այս մասին հրապարակուած Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՛ըսէ.   <<Հաւատացեալներն ու ոչ հաւատացեալները համաձայն ենք, որ աշխարհը հասարակաց ժառանգութիւն է, որուն պտուղները պէտք են հասութաբեր հանդիսանան ՝ բոլորին։

Սակայն ի՞նչ կը պատահի մեր այս ապրած աշխարհին մէջ։

Աղքատութեան եւ երկրագունդի դիւրաբեկութեան միջեւ յարաբերութիւնը կը պահանջէ տնտեսութեան ու զարգացումի նոր մատակարարութեան ձեւ մը, պատկերացնելով ապրելակերպի նոր ձեւ մը։

Ինչու պահանջը  կը զգանք բոլորս միացնող  ապաշխարութեան մը։

Ազատ սպառողութեան ստրկութենէն

Այս ամիս քեզի  կ՝ուղղեմ յատուկ խնդրանք մը. խնամք տանինք արարչութեան, որովհետեւ զայն ընդունեցանք որպէս պարգեւ զոր մշակելու եւ պահպանելու ենք ապագայի սերունդներու ի շահ։

Խնամք տանիքն  մեր հասարակաց տան   








All the contents on this site are copyrighted ©.