2016-02-05 14:24:00

Սուրիոյ ժողովուրդի տառապանքները ամոքելու ի սպաս Լոնտոնի մէջ համաժողով


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 4 փետրուարին, Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ ժողովուրդին ապրած ցաւերուն հայող դասախօսութիւն մը, որուն նպատակն է աջակցիլ Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն, որոնել  երկրի մարդկային տագնապէն դուրս գալու ելք մը, ինչպէս նաեւ նիւթական օժանդակութիւն սատարել Սուրիոյ ու հարեւան երկիրներուն, որոնք կ՝ընկալեն Սուրիացի գաղթականները։

Լոնտոնի՝ Սուրիոյ հայող դասախօսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի Քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր եւ այս առթիւ ունեցաւ ելոյթին մէջ,  ընդհանուր ակնարկ կատարեց Սուրիոյ ներկայ իրավիճակի մասին ուր՝ հազարաւոր անմեղ մանուկներ ու քաղաքացիներ պակասը ունին սննդառական էական կարիքներուն, յատկապէս այն շրջափակուած վայրերուն մէջ  ուր արգելափակուած են հազարաւոր անմեղներ  եւ  անկարելի է մարդկային օժանդակութիւններ հասցնել՝ ռմբակոծումներու պատճառաւ։

Գերապայծառ  Փոլ Կալլակեր   ապա շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ , թէ Սուրիոյ ու տարածաշրջանի մէջ , մարդկային տագնապի իսկական արժէքը վճարողներն են անմեղ մանուկներն ու քաղաքացիները, մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապի  անցեալ յունուար 2016-ին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու ուղղած խօսքէն հատուած մը,  ՝՝յիշեցէք հազարաւոր  անմեղներուն աղերսը, որոնք փախուստ կու տան հակամարտութիւններէն, հալածանքներէն,  որովհետեւ Քրիստոնեայ  են''։

Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը նկատել տուաւ թէ Սուրբ Աթոռը Քահանայապետական ՝՝Քոր Ունում՝՝ մէկ սիրտ բարեսիրական  խորհուրդի եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջոցաւ ինչպէս նաեւ անոր կապուած բարեսիրական հաստատութիւններուն միջոցաւ, Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի տագնապի սկիզբէն ի վեր միշտ օժանդակած է բնակչութեան կարիքներուն առանց որեւէ խտրականութեան` ըլլայ կրօնական ինքնութիւն ըլլայ  ցեղային պատկանելիութեան բերումով, առաջնահերթ  կարգին դնելով կարիքաւոր  անձերը, կրօնական փոքրամասնութեան մաս կազմող անմեղները՝  ու յատկապէս քրիստոնեաները։

Այս ուղղութեամբ.  ըսաւ Գերապայծառ Կալլակեր, Ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ կոչ ուղղած է  ուշադիր գտնուելու քրիստոնեաներու եւ Միջին Արեւելքի կրօնական փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.