2016-02-04 10:37:00

Սուրիական հակամարտութեան կարգաւորման Ժնեւի բանակցութիւնները դադրեցուած են մինչեւ Փետրուար 25


Սուրիական հակամարտութեան կարգաւորման Ժնեւի բանակցութիւնները դադրեցուած են մինչեւ Փետրուար 25: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոստին` յղում ընելով ՄԱԿ-ի` Սուրիոյ խնդիրով յատուկ պատուիրակ Ստաֆան տէ Միստուրան:

Տէ Միստուրան նշած է, որ բանակցութիւններու կասեցման պատճառ  դարձած է այն, որ կողմերը իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էին ընթացակարգային հարցերու քննարկման, այլ ոչ թէ Սուրիոյ ժողովուրդի մարդասիրական խնդիրներու լուծման վրայ: Միեւնոյն ժամանակ տէ Միստուրան ժխտած է այն ենթադրութիւնը, որ բարդութիւնները կրնային պայմանաւորուած ըլլալ Սուրիոյ մէջ շարունակուող ռազմական գործողութիւններով:

«Այդ հարցերը չէին քննարկուիր»,- նշած է ան: Ինչպէս ըսած է տէ Միստուրան, բանակցութիւններու մասնակիցներուն անհրաժեշտ է մեծ աշխատանք կատարել: «Նախապատրաստական բանակցութիւններու առաջին շաբթուընէ ետք  դեռեւս շատ աշխատանք  մնացած է, որ անհրաժեշտ է ընել, ոչ միայն մեր կողմէն, այլեւ շահագրգիռ կողմերէն»,- յայտարարած է դիւանագէտը:

Ինչպէս հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը, Սուրիոյ կառավարութեան պատուիրակութեան ղեկավար Պաշար Ջաֆարին նշած է, որ բանակցութիւնները կասեցուած են ատոնք լքելու ընդդիմութեան մտադրութեան պատճառով: Նման ցուցում, ինչպէս կը պնդէ Ճաֆարին, անոնց տուած են Սաուտեան Արաբիոյ, Քաթարի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.