2016-02-04 09:23:00

Իրաքահայ գաղթական ընտանիքներ Թուրքիոյ մէջ իրենց կրօնական պատկանելիութիւնը կը սքօղեն


Ռիֆաթ Հաշարան ”Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ”-ի մէջ կը գրէ‚ որ Սուրիայէն եւ Իրաքէն փախուստ տուած շուրջ 45,000 քրիստոնեաներ Թուրքիոյ Եոզղաթ, Աքսարայ եւ Չորում նահանգներուն մէջ ստիպուած են պահելու իրենց կրօնական պատկանելիութիւնը։

Թուրքիա ապաստանած շուրջ 45,000 հայեր, ասորիներ եւ քաղդէացիներ դիմած են ՄԱԿ-ին Միացեալ Նահանգներ, Գանատա կամ Աւստրալիա գաղթելու համար եւ Թուրքիոյ մէջ մինչեւ 2023 կեցութեան արտօնագիր ստացած են։ Անոնց մեծամասնութիւնը կ’ապրին Անատոլուի փոքր քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Եոզղաթի, Աքսարայի, Չորումի, Ամասիոյ, Քըրշեհիրի, Էրզրումի եւ Գարահիսարի մէջ, կը հաղորդէ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը։

Պոլսոյ ասորի եւ հայ պատրիարքութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ այդ տեղահանուածներէն շատերուն նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրեն, սակայն անոնց խնդիրները տնտեսական դժուարութիւններէն շատ աւելին են։

Հայերուն համար կացութիւնը պատմական ենթահող մը ունի, որովհետեւ անոնցմէ շատերը կը վերադառնան իրենց նախորդներուն հողերը, ուրկէ 100 տարի առաջ բռնի հեռացուած էին։

Իր ընտանիքին հետ Իրաքէն փախուստ տուած եւ Եոզղաթի մէջ հաստատուած Անոնիս Ալիս Սալճըեան ”Հիւրրիյէթ”-ի յայտնեց, որ հասարակութեան մէջ կը ձեւանան իսլամ ըլլալ։ Անոնց բնակած սենեակին մէջ կաղանդի ծառին մօտ Ս. Աստուածածինին նկարը կախուած է։ Անոնիսի նախահայրերը օսմանեան իշխանութիւններուն եւ տեղւոյն իսլամներուն կողմէ մէկ դար առաջ վտարուած էին Անատոլուէն։ 100 տարի ետք, անոնք դարձեալ կը ստիպուին իրենց երկրէն հեռանալու։

”Ընտանիքս Վանէն էր։ Ամուսինիս ընտանիքը՝ Այնթապէն։ Ես եւ ամուսինս մեր երկու զաւակներուն հետ մէկ տարի առաջ 20 այլ ընտանիքներու հետ փախուստ տուինք Իրաքէն։ Իրաքի մէջ ճնշումի ենթակայ էինք”, ըսաւ ան՝ նշելով‚ որ իր ընտանիքը ոսկերիչ է, սակայն Եոզղաթի մէջ անգործ է։ Անոնք կ՚՚ապրին շնորհիւ Եւրոպա բնակող իրենց ազգականներուն նիւթական օժանդակութեան։

Սալճըեան նաեւ ըսաւ, որ իր զաւակները Թուրքիոյ մէջ իրենց նոր կեանքին յարմարելու դժուարութիւն կը դիմագրաւեն, որովհետեւ թրքերէն չեն խօսիր։ ”Մեր զաւակները այստեղ դպրոց չեն կրնար երթալ, որովհետեւ թրքերէն չեն խօսիր։ Անոնք միայն այստեղ փոխադրուած այլ հայ ընտանիքներու զաւակներուն հետ կը յարաբերին”, ըսաւ ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.