2016-02-03 09:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Կրօնաւորական կեանքի տարուան եզրափակիչ պատարագին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 2 փետրուար 2016-ին, Տեառնընդառաջի տօնին եւ Կրօնաւորական կեանքի 20-րդ օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Մայր տաճարին մէջ, յետմիջօրէի 5.30-ին, գլխաւորեց ''Կրօնաւորական կեանքի տարուան'' եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կրօնաւորական կեանքի` նուիրեալ անձինք, որոնք Հռոմի մէջ նշեցին Ողորմութեան Յոբելեանը։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով Տեառնընդառաջի տօնի նշանակութեան յայտնեց թէ Յիսուս Միածին Որդին է որ եկաւ բոլորին համար։ Այս մանուկը մեզի բերաւ Աստուծոյ քնքշութիւնն ու ողորմութիւնը. Յիսուս Հօր Աստուծոյ ողորմութեան դիմագիծն է։

Այսօրուայ տօնակատարութիւնը, յատկապէս արեւելքի մէջ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը-, կոչուած է նաեւ հանդիպումի տօն։ Արդարեւ կարդացուած Աւետարանին մէջ ականատես ենք տարբեր հանդիպումներու։ Տաճարին մէջ Յիսուս մեզի կը հանդիպի եւ մենք իրեն։ Այնտեղ տեղի կ՛ունենայ ծերունի Սիմէոնի հետ հանդիպումը որ կը պատկերացնէ Իսրայէլի հաւատարիմ սպասումը եւ խոստումի իրականացումին դիմաց սրտի ուրախութիւնը։ Ապա հանդիպում Աննայի հետ որ տեսնելով Մանուկը փառք կը մատուցէ Աստուծոյ։

''Սիմէոն եւ Աննան սպասում ու մարգարէութիւնն են, իսկ Յիսուս` նորութիւն եւ լրացումն է։ Ան մեզի կը ներկայանայ որպէս Աստուծոյ անակնկալը։ Այնդ մանուկին մէջ կը հանդիպին անցեալն ու յոյսով լի ապագան'', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Կրօնաւորներն ու Նուիրեալ Անձերը ամենէն առաջ կանչուած են ըլլալու հանդիպումի` այրեր ու կիներ։ Կոչումը արդարեւ Աստուծմէ մեզի տրուած շնորհք մըն է, որուն միջոցաւ մեր կեանքը կը փոխուի։ Այն որ այս հանդիպումը կ՛ապրի կը դառնայ վկայ ու կարելի կը դարձնէ հանդիպումը ուրիշներուն հետ, իր կարգին դառնալով ''հանդիպումի մշակոյթի'' միջոց։

Սրբազան Քահանայապետը մէջբերեց ապա Սուրբ Պօղոսի հրեաներու ուղղուած նամակէն հատուածը ուր առաքեալը կը գրէ թէ ''Քրիստոս մասնակից ու բաժնեկից դարձաւ մեր մարդկային վիճակին'' եւ ասկէ մեկնելով  Սրբազան Քահանայապետը խրախուսեց կրօնաւորները ըլլալու Աստուծոյ մօտիկութեան իսկական ու մարգարէական նշաններ, ամէն մին իր խարիզմի միջոցաւ։

Յիսուսի հետ հանդիպումը մեր մէջ կ՛արթնցնէ զարմանք­, զարմանք մը լոյսի եւ յոյսի որ պէտք է միշտ վերանորոգուի։ Վա՜յ եթէ մեր հոգեւոր կեանքը դառնայ միապաղաղ, վա՜յ եթէ մեր խարիզմները դարձնենք լոկ վարդապետութիւն։ Մեր միաբանութիւններու հիմնադիրները ներշնչուած էին Սուրբ Հոգիէն ու իրենց սրտերուն մէջ միշտ պահեցին Քրիստոսի հետ հանդիպելու զարմանքը, յատուկ իղձ մը ունենալով Քրիստոսը տանելու ուրիշներուն - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ ''Մենք եւս այսօր կանչուած ենք արի եւ մարգարէական քայլեր առնելու այս ուղղութեամբ'' ապա յորդորեց երախտագիտութիւն յայտնել Յիսուսի հետ հանդիպումին եւ կրօնաւորական կեանքի կոչումին պարգեւին համար։ Երախտագիտութիւնը թող ըլլայ բառը որ կ՛եզրակացնէ Կրօնաւորական Կեանքի տարին. երախտագիտութիւն Սուրբ Հոգիին որ միշտ եկեղեցին կը կենդանացնէ, զանազան խարիզմներու միջոցաւ։

Թող որ Յիսուս, Մարիամի` մօր բարեխօսութեամբ, մեր մէջ աճեցնէ հանդիպումի իղձը, եւ զարմանքի ու երախտագիտութեան ուրախութիւնը, այնպէս որ ուրիշներ եւս հրապուրուին Անոր լոյսով ու իրենց կարգին հանդիպին Աստուծոյ ողորմութեան - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր քարոզը








All the contents on this site are copyrighted ©.