2016-02-03 11:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապի սրտաբուխ խօսքը կրօնաւորական կեանքի տարուայ փակման արարողութեան աւարտին


Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի. 2 փետրուարի յետմիջօրէին, Յիսուսի տաճար ընծայման եւ Կրօնաւորական կեանքի տարուայ փակման զոյգ առիթներով, Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս  Սրբազան Քահանայապետ, անպատրաստից սրտաբուխ խօսք մը ուղղեց սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գտնուող կրօնաւորներուն , կրօնաւորուհիներուն ու բազմաթիւ հաւատացեալներուն։

Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց կրօնաւորներուն երբեք չի մոռնալու Յիսուսի առաջին կոչը եւ միշտ յիշատակելու զայն աւեցնելով  ''Տէրը կը շարունակէ կոչել ձեզ նաեւ այսօր այն նոր յոյժ սիրով որով կոչած է ձեզ''

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կարեւոր նկատեց աղօթքը զայն համարելով որպէս կրօնաւորական կեանքի սիրտը. Ան ապա հիացում յայտնելով զօրաւոր հոգեւոր կեանք ունեցող կրօնաւորներուն  հանդէպ  յարեց

՝՝Շատ կը հմայուիմ ու կը սիրեմ ,երբ կը հանդիպիմ այն կրօնաւորներու ու կրօնաւորուհիներուն, որոնց աչքերը կը փայլին՝ որովհետեւ անոնց հոգեւոր կեանքի ճրագը վառած է։

Խօսքին աւարտին Ֆրանիչկոս Պապ յորդորեց կրօնաւորներուն, օրն ի օր յառաջ ընթանալու, շարունակելով աշխատիլ եւ վաղուան  նայիլ  յոյսով  , խնդրելով Տիրոջմէ որ շնորհէ նոր կոչումներ,  կրօնաւորական կեանքի գործունէութեան  յարատեւութեան համար ։








All the contents on this site are copyrighted ©.