2016-02-03 14:25:00

''Մեքսիքոն կ՛այցելեմ որպէս խաղաղութեան գործիք'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հոգեւոր վերանորոգում, կաշառութեան ու բռնութեան դէմ պայքար, յանձնառում ի սպաս երկխօսութեան եւ խաղաղութեան'' ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Պապին` 12- 18 Փետրուար Մեքսիքա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, Մեքսիքական ''Նոթիմաքս'' լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի կեդրոնական նիւթերը որոնց առանցքը կազմեց Քահանայապետին որդիական ջերմեռանդութիւնը Կուատալուփի Տիրամօր հանդէպ։

Հարցազրոյցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ Մեքսիքոյի մէջ ինք կ՛ուզէ ըլլալ խաղաղութեան գործիք, համայն մեքսիքացի բնակչութեան հետ միասին։

Մեքսիքոյին մէջ կը տիրէ բռնութիւն, կաշառառութիւն, թմրամոլութիւն ու մեր Մայրը (Կուատալուփի Տիրամայրը) այսպիսի Մեքսիքօ մը չ՛ուզեր։

Մեքսիքօ կու գամ ձեր հետ միասին աղօթելու`որպէսզի այս հարցերը լուծուին։ Կու գամ ձեզ խրախուսելու ամէն օր պայքար մղելու համար` կաշառառութեան, պատերազմի, բաժանումներու, ոճիրներու եւ մարդավաճառութեան դէմ''։

''Ամէն օր պէտք է պայքարիլ ի սպաս խաղաղութեան եւ ոչ պատերազմի'' հաստատեց Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ ''խաղաղութիւնը  առօրեայի արհեստական գործ մըն է''։ Խաղաղութիւնը կը ծնի քնքշութենէն, հասկացողութենէն ու խաղաղութեան բանալի տարրն է` երկխօսութիւնը. երկխօսութիւն ընդմէջ կառավարիչներուն, ժողովուրդին հետ ու ժողովուրդին մէջ'' դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, յորդորելով երկխօսութիւն հաստատել ամենուրէք ընտանիքներուն մէջ եւ հասարակութիւններու ներքոյ։ 

Երբ Քահանայապետին հարց տրուեցաւ եթէ կարելի է երկխօսութիւն հաստատել յանցագործի մը հետ` Նորին Սրբութիւնը  պատասխանեց. կարելի է երկխօսութիւն հաստատել անոր հետ որ այդ յանցագործի սիրտը կը փոխէ։

Զրոյցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացուց դրամասիրութենէն` որ ազատութիւնը կը կաշկանդէ ու հրաւիրեց դիմել Կուատալուփի Աստուածամօր` բոլորին Մայրը, ու Անորմէ հայցել խաղաղութեան պարգեւը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա  խօսեցաւ իր` Կուատալուփի Տիրամօր հանդէպ ունեցած յատուկ ջերմեռանդութեան եւ Կուատալուփի սրբավայր կատարած երկու ուխտագնացութիւններու մասին. առաջինը 70ական թուականներուն եւ երկրորդը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Մեքսիքօ կատարած այցելութեան առթիւ։

Սրբազան Հայրը ապա մտերմաբար  խոստովանեցաւ. ''երբ յաճախ վախի մէջ կը գտնուիմ ես ինծի կը կրնկեմ Կուատալուփի Տիրամօր խօսքերը ուղղուած Խուան Տիէկոյին ''Մի վախնար, ինչո՞ւ կը վախնաս. Միթէ ես` որ քու Մայրդ եմ, քու մօտդ չեմ''։

Երկարաշունչ հարցազրոյցի  ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դրաւ ապա հոգեւոր վերանորոգումի հարկաւորութեան վրայ ընդգծելով թէ Ինք Մեքսիքօ կու գայ ծառայելու` ծառայ հանդիսանալու մեքսիքացիներու հաւատքին։ Հաւատք մը որ պէտք է դառնայ հրապարակային որովհետեւ մեր հաւատքը թանգարանի մէջ պահուելիք իրողութիւն մը չէ, այլ ծիլ կ՛առնէ երկխօսութենէ մը, Յիսուսի հետ երկխօսութենէ­, եւ կարիքը ունի դուրս ելլելու ու հասնելու ամենուրէք, ապա թէ ոչ ապարդիւն է։ Հաւատքը ըլլալու է ուղեւորութիւն եւ ասոր համար հարկաւոր է հաւատքի վերանորոգումը։

Հարցազրոյցի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը յայտնէ թէ ինք Մեքսիքօ չի գար որպէս ''մոգերէն'' մին  այլ որպէս ուխտաւոր` Մեքսիքացի ժողովուրդին մէջ փնտռելու անոնց հաւատքի հարստութիւնը եւ այդ հաւատքէն վարակուելու համար։

Դուք որբ ժողովուրդ մը չէք որովհետեւ պատիւն ունիք ունենալու Մայր մը եւ երբ մարդ մը կամ կին մը իր Մայրը չի մոռնար ան կ՛ընդունի հարստութիւն մը որ կարելի չէ նկարագրել։ Ահա այս է այդ վեհանձն հարստութիւնը զոր պիտի գամ փնտռելու Մեքսիքոյի մէջ եզրափակեց Սրբազան Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.