2016-02-02 12:39:00

Տեառնընդառաջ կամ Տօն Քառասնօրեայ Գալստեանն Քրիստոսի ի Տաճարն


Ըստ Հրէական Օրէնքի` ամէն արու զաւակի ծնունդէն յետոյ, երբ կը լրանան սրբագործման քառասուն օրերը, նորածինին մայրը իր երեխայի հետ կ'այցելէր Տաճար, զոհ կը մատուցանէր եւ օրհնութիւն կը ստանար քահանայէն: Այսպէս Ս. Աստուածամայրը քառասնօրեայ Յիսուս Մանկան հետ կը ներկայանայ Տաճար: Այս մասին կը յիշատակէ Ղուկաս Աւետարանիչը: Ներկայացնելով Յիսուսի կեանքի այս դրուագը՝ Աւետարանիչը կը պատմէ նաեւ Սիմէոն ծերունիին մասին, որուն Ս. Հոգիէն հրամայուած էր մահ չտեսնել, մինչեւ Տիրոջ Օծեալը տեսնելը:
Հայ Եկեղեցւոյ կանոնին համաձայն, տօնին նախօրէին, երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ կը կատարուի նախատօնակ, որ կ'աւետէ Տերունի տօնին սկիզբը: Նախատօնակի արարողութեան աւարտին՝ կը կատարուի հնաւանդ անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին կ'օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը: Եկեղեցւոյ կանթէղներէն վերցուած կրակով կը վառուին խարոյկներ՝ իբրեւ Քրիստոս լոյսի խորհրդանիշ:








All the contents on this site are copyrighted ©.