2016-02-02 09:20:00

Այն որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, ինծի համար եղբայր, քոյր, մայր է ...


“Ո՛վ իմ մայրս ու եղբայրներս:  Եւ աչքերը պտտցնելով շուրջը նստած բազմութեան վրայ՝ աւելցուց. «Ահաւասիկ իմ մայրս, եղբայրներս…» (Մարկ. 3, 33-34)։

Եկուր ով սուրբ հոգի եւ ինծի ներշնչէ աղօթքը որ պիտի ընեմ  եւ ցոյց տուր Տիրոջ հետ իմ հոգեւորութիւնս ապրելու ճանապարհը։

Ո՛վ Յիսուս, տո՛ւր ինծի շնորհքը քեզ լսելու, հասկնալու քեզ ու քու խօսքերդ, որպէսզի անոնք աւելի կենդանի ու օգտակար դառնան:

Կը գտնուինք դէպքի մը առջեւ, որուն միջոցաւ մեզմէ կը խնդրուի գէթ կարճ, բայց  մեծ հասկացողութեամբ մտածական մը ընել: Սուրբ գիրքի պատում մըն է այս դէպքը որ  կը մղէ մեզ  կարեւոր խորհրդածութիւն մը կատարելու մեր ընտանիքի կարեւորութեան մասին՝ մանաւանդ Եկեղեցւոյ եւ Տիրոջ համար:

Այս երկխօսութիւնը Յիսուսի եւ առաքեալներուն միջեւ տեղի ունեցաւ 20 դարեր առաջ: Արարք մը որ կրնայ նաեւ ինծի եւ ոեւէ մէկուն պատահիլ այս օրերուն,  որովհետեւ նոյն դերը կրնանք խաղալ եւ կամ ալ զիրենք փոխարինել սոյն աւետարանի ընթերցուածին մէջ՝ հետեւելով անոնց օրինակին եւ քննելով անոնց շարժուձեւերն ու խօսքերը, ինչպէս նաեւ  զանոնք դարձնել փորձելով մեր սրտին ուղեցոյցը։ Պահ մը կրնամ երեւակայել որ այդ մարդոցմէ մէկը եղած ըլլամ  կամ Աստուծմէ ընտրուած ըլլամ այս մարդոց մէջը գտնուելու։ «Իր մայրը եւ եղբայրները քովը եկան», կ'ըսէ Աւետարանը:

Շատ քիչ են մեր տուեալները  Սուրբ Կոյսի կեանքին մասին: Սուրբ Մարկոս Աւետարանիչը առաջինն է որ մանրամասն կերպով կը նկարագրէ մեզի Նազարէթի ընտանիքին մասին, միշտ շեշտը դնելով Տիրամօր դերին վրայ։ Արդարեւ,    իր աւետարանին սկիզբը ան մեզի կ’ըսէ թէ “երբ իրենները լսեցին, ելան որ զինք բռնեն, քանզի կ'ըսէին «խելագարուած է»  (Մարկ. 3, 21)։ Այս է ինչ որ գիտենք իր ընտանեկան շրջանակին մասին։ Ահաւասիկ իրեն քով կու գան բայց ի՞նչ ընելու։  Կ’ենթադրուի որ դուրսը կեցած կ'ուզեն զինք տեսնել եւ հետը խօսիլ, կը փնտռեն իր դէմքը ու ներկայութիւնը, սակայն ինքը հեռու կը մնայ իրենցմէ, որովհետեւ իրենց համար չէ եկած այլ ուրիշներուն... մեղաւորներուն...տկարներուն։ Ուրիշ տեղ մը կ'ըսէ չկայ մարգարէ մը որ ընդունուած ըլլայ իր հայրենիքին մէջ...

Յիսուս կը խօսի անբոխի մասին որ կը ներկայացնէ անոնք որոնք իր հրաշքները տեսան եւ կամ ալ անոնք որոնք զինք լսեցին եւ կամ ալ անոնք որոնք ուրիշներէն լսեցին իր մասին...։

Կարգ մը տեղեր Մարկոս Աւետարանիչը կը պատմէ, կը նկարագրէ մեզի ամբոխին տարերային շարժումներուն մասին, որոնք կը համարձակէին զինք ճզմել, որովհետեւ կը բժշկէր շատեր, մանաւանդ անոնք որոնք կը չարչարուէին իրենց տառապանքներէն...։

Կ'երեւայենք ամբոխը, ժողովուրդը որ եկած է զանազան տեղերէ։ Մինչ իրենք կը գտնուէին տունին մէջ,  ընտանիքը դուրսը կեցած կը սպասէր զինքը տեսնելու եւ  առաջին կարգին վրայ դրուելու իր առանձնաշնորհումին: Ամբոխը ներսը նստած մտիկ կ'ընէր իր ուսուցումները։ Յիսուս անոնց աչքերուն մէջ կը տեսնէր իր ընտանիքը եւ անոնց  կը շնորհէր իր ընտանիքին անդամները ըլլալու պատիւը մինչ դուրսն էին իր իսկական մայրը, եղբայրները...։ Կ’առաջարկէ նոր կապ մը հաստատել իրենց հետ։ Կ’առաջարկէ  անոնց իրական հնազանդութիւնը Իրեն եւ իր Հօր եւ ոչ թէ ընտանեկան կապ։ Իր Հօր կամքին հնազանդութեան նոր կոչ կ’ուղղէ բոլորի՛ն եւ ոչ թէ իր երկրային հօր եւ մօր…։

Յիսուս կը ներկայանայ որպէս  ՏԷՐ՝ որ կ’ուսուցանէ։ Վստահ ենք որ կը սիրէր կը մայրը եւ ընտանիքը, իրեն համար սակայն մարդկային եւ ընտանեկան կապերը վերապահուած չէին միմիայն մենաշնորհեալներուն։  Յստակ է որ Յիսուս եկաւ բոլորս  մասնակից դարձնելու Աստուծոյ ընտանիքին, որուն առաջին նպատակն է “հնազանդիլ Աստուծոյ կամքին»։

Այսօրուայ հարցումը որ ինծի կ'ուղղուի հետեւեալն է.֊- Ինչպէ՞ս կրնամ ապրիլ իմ եղբայրսիրութիւնս Յիսուսի եւ բոլոր քրիստոնեաներուն հետ...։ Արդեօք պիտի կարենա՞մ զօրացնել իմ եւ քրիստոնեայ եղբայրներուս հետ հոգեւոր կեանքը...

Ով հայր, թող քու կամքդ կատարուի, ահաւասիկ ես քու խոնարհ ծառադ եմ, թող որ ամէն ինչ կատարուի քու խօսքերուդ համաձայն...։

 Ամէն:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.