2016-02-01 13:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը կրօնաւորական կեանքի յոբելինական տարին նշող անդամներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան)  Կրօնական Տարւոյն փակման արարողութիւններուն ծիրէն ներս, երկուշաբթի, 1 փետրուար 2016-ի առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  ընդունեց  կրօնաւորական կեանքի Յոբելինական Տարին նշող անդամները  ու անոնց յանձնեց գրաւոր պատգամ մը ու  սրտաբուխ խօսք ուղղելով ներկաներուն դրուատեց իր ապրած  անձնական փորձառութիւնները։

Գրաւոր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերելով Ղուկաս Աւետարանէն քաղուած Յիսուսի խօսքերը՝ ''Եկուր հետեւէ ինծի (Մարկ 10.21)  յայտնեց ՝՝Եթէ հոս կը գտնուինք որովհետեւ ՝՝այո՝՝ պատասխանեցինք Յիսուսին եւ հետեւեցանք Անոր՝ վեհանձնութեամբ, թոյլ տալով որ Ան մեզ առաջնորդէ նոյնիսկ մեզի աներեւակայելի թուող ուղիներու վրայ։

 Յիսուսին հետ բաժնեկցեցանք մտերմիկ պահեր, Ան մեզ նեռարեց  Իր Հօր հետ ունեցած յարաբերութեան մէջ, պարգեւեց մեզի Սուրբ Հոգին, ընդարձակեց մեր սրտերը՝ իր սրտին համաչափ դարձնելով  եւ սորվեցուց մեզի սիրել աղքատներն ու մեղաւորները։

Կրօնական մեր կեանքը իմաստ ունի, որովհետեւ Յիսուսին մէջ մնալ եւ զինք տանիլ աշխարհի ճանապարհներուն վրայ մեզ կը համակերպէ Իրեն, մեզ կը դարձնէ Եկեղեցի` մարդկութեան համար պարգեւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Կրօնական կեանքի նուիրուած Սուրբ Տարուան ու տարուան փակման յայտնելով թէ Սուրբ Տարին նպաստաւոր դարձաւ աւելիով ցոլացնելու համար եկեղեցւոյ մէջ  կրօնաւորական կեանքի գեղեցկութիւնն ու սրբութիւնը, կրօնաւորներու մէջ ընդլայնելով երախտագիտութեան հոգին հանդէպ իրենց կոչումին։ Իւրաքանչիւր կրօնաւոր ու կրօնաւորուհին առիթ ունեցաւ աւելի յստակ գաղափար ունենալու  իր յատուկ ինքնութեան մասին, ապագայի նոր տեսլականներով եւ առաքելական վերանորոգիչ ուժով գրելու համար բարի նոր էջեր իրենց հիմնադիրներու խարիսմաթիկ  ուղիներուն հետեւելով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա երեք բառեր յորդորեց հաւատարիմ մնալու համար Կրօնական Սուրբ Կենաքին։

Առաջին, մարգարէութիւնը։  Դուք նախ եւ առաջ  կանչուած էք հռչակելու  Աստուծոյ ճշմարտութիւնը, ձեր կենցաղով նախ քան ձեր խօսքերով։ Այն պարագային երբ Աստուած կը մերժուի կամ  կ՝անտեսուի,  հարց տալու ենք եթէ մենք կարող եղանք թափանցիկ կերպով ներկայացնելու Աստուծոյ դիմագիծը եւ կամ ուզեցինք մերը ներկայացնել։ Աստուծոյ դիմագիծը   ''Ողորմած,  գթասիրտ, համբերատար եւ վեհանձն սիրոյ''  Հօր մը դիմագիծն է. Զայն ճանչցնելու համար հարկաւոր է Անոր հետ մշակել անձնական յարաբերութիւն, աղօթքի միջոցաւ։

Երկրորդ բառը, մօտիկութիւն։ Աստուած Յիսուսի միջոցաւ մօտեցաւ իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ, իր վրայ առաւ աշխարհի ծանրութիւնները մինչեւ Խաչին վրայ մահը մեր փրկութեան համար։

Յիսուսին հետեւիլ կը նշանակէ երթալ հոն ուր Ան ներկայ է,  բարի Սամարացիին նման  մեր ուսերուն վրայ առնել վիրաւոր մարդը։ Յիսուսի նման ըլլալ, կը նշանակէ մօտիկ գտնուիլ մարդոց, բաժնեկցիլ անոնց ուրախութիւններն ու, ցաւերը, Սէր ցուցաբերելով ու ցոյց տալով Աստուծոյ հայրական դիմագիծը այնպէս որ ոչ մէկը ինքզինք զգայ հեռու, անջատուած եւ միայնակ։ Ձեզմէ ամէն մին կանչուած է ծառայելու իր եղբայրակիցներուն ամէն մին իր խարիզմի միջոցաւ եւ կարեւոր է որ մենք։ապրինք մենք մեզի համար, ինչպէս Յիսուս չ՛ապրեցաւ ինքնիրեն համար այլ Հօր ու Մեզի համար։

Երրորդ բառը Յոյսն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ։ Վկայելով Աստուծոյ սէրն ու ողորմութիւնը ՝ Յիսուսի շնորհքի միջոցաւ, կրնաք յոյս ներշնչել՝ անձկութեամբ ու վախի մէջ ապրող մարդկութեան։ Կարող էք բացայայտել Երանութիւններու նորոգիչ ուժը եւ բարութեան, պարզ եւ իմաստալից կեանքի արժէքները։ Կարող էք նաեւ  յոյս ներշնչել եկեղեցւոյ` օրինակի համար համամիութենական երկխօսութեան ծիրէ  ներս ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու պատգամը աւարտեց հաստատելով թէ կրօնաւորական կեանքի առօրեային մէջ ամենակարեւորը առաջին կոչին ''այո'' կրկնելու կարողութիւնն է որ կը շարունակէ լսելի ըլլալ, միշտ նորակերտ ձեւերով, կեանքին իւրաքանչիւր հանգրուանին։

''Յիսուսի  կոչն ու մեր տուած պատասխանը կենդանի կը պահեն մեր  յոյսը'' հաստատեց Սրբազան հայրը խրախուսելով ներկաները ապրելու միշտ ուրախութեամբ, որ է Յիսուսի հետեւողներու յատկանիշը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` Եկեղեցւոյ ի սպաս ծառայութեան ու զանոնք յանձնեց Աստուածամօր հովանիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.