2016-02-01 12:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Կաշառառութեան վէրքը դժուարաւ կը բուժուի''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հեզութիւնը դէպի սրբութիւն տանող ճանապարհն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, Երկուշաբթի 1 Փետրուար 2016-ի  առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, ուր դարձեալ անդրադարձաւ Դաւիթ Թագաւորի դրուագի մասին որ սիրահարուած իր մէկ զինուորի կնոջ սպանել տուաւ կնոջ ամուսինը։ ''Դաւիթ գիտակից թէ մեղանչած էր ընդունեց ամէն տեսակ նուաստացում իր մեղքերու թողութեան համար, թէեւ կաշառառութեան վէրքը դժուարաւ կը բուժուի, հակառակ որ Աստուած կը ներէ մեղքը'' ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Դաւիթ արդարեւ մեղաւոր է սակայն ոչ կաշառառու որովհետեւ անդրադարձաւ որ մեղք գործեց։ Յատուկ շնորհք մը պէտք է փոխելու համար կաշառառուի սիրտը եւ Դաւիթ ունէր ազնիւ սիրտ մը։ Ընդունեց իր մեղքը թէեւ այդ մեղքի` կաշառառութեան հետեւանքը մնաց անոր տոհմին մէջ։

Արդարեւ անոր զինուորի կնոջմէն ծնած զաւակը զինք կը հալածէ ու Դաւիթ ստիպուած կ՛ըլլայ թողուլ քաղաքն ու հեռանալ, ազատելու համար իր ժողովուրդը։

Դաւիթ կ՛ընդունի ամէն տեսակ նուաստացում այն գիտակցութեամբ թէ այդ նուաստացումը իր մեղքերու քաւութեան համար կը կրէ, յուսալով որ Տէրը տեսնէ իր զղջումը։ ''Այս է Դաւիթի ուղեւորութիւնը, յանձնում Տիրոջ, դէպի սրբութիւն` որ կ՛անցնի հեզութեան ճանապարհէն'' դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ խոնարհութեան կարելի է ձգտիլ միայն նուաստացումի միջոցաւ։

''Չկայ հեզութիւն առանց խոնարհեցումի'' ըսաւ Քահանայապետը  ընդգծելով թէ Սրբութիւնը  զոր Աստուած կը նուիրէ իր զաւակներուն եւ Եկեղեցւոյ­, կը տրուի Անոր Միածին Որդոյն նուաստացումի միջոցաւ, որ ընդունեց նոյնիսկ խաչը կրել անարդար օրէն...

Հայցենք Տիրոջմէ` մեզմէ ամէն մէկուն ու համայն եկեղեցւոյ համար­, հեզութեան շնորհքը ու միաժամանակ շնորհքը` ըմբռնելու թէ կարելի չէ հեզ ըլլալ առանց խոնարհեցումի - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով Քարոզը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.