Կիրակի 31 Յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու վանքի Մայր Տաճարին
մէջ, Սուրբ և Անմահ Պատարագը մատոյց Ս. Միքայէլ և Եր. Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի փոխ
տեսուչ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան: Ս. Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Զմմառու Պատրիարքական
Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ և Մեծաւոր Զմմառու վանքի՝ Գերապայծառ Հ. Գաբրիէլ
Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, վարչական Հայրեր, դպրեվանքի սաներն ու հաւատացեալներ: Պատարագիչ Հայրը
իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Տեառընդառաջի ծիսական իմաստին, ըսաւ. «Եկեղեցւոյ Հայրերը
իմաստութեամբ Եկեղեցական տարին բաժնած են ծիսական զանազան ժամանակաշրջաններու, որոնք
կը խրախուսեն մեզ վերապրելու քրիստոէութեան պատմութեան զանազան դէպքերը և Քրիստոսի կեանքին
խորհուրդները: Սակայն մարդս այս աշխարհիս վրայ ենթակայ է ներքին և արտաքին փորձութիւններու,
որոնց դէմ ան պայքար մղելու է ամէն օր և ամէն վայրկեան, անոնց յաղթահարելու համար: Այն
մոմերը որ այսօր կ'օրհնենք, մեր քրիստոնեայ հաւատքին աննիւթական արտայայտութիւններուն
մէկ երեւոյթն են: Այսօր՝ Եկեղեցին կը գովերգէ Քրիստոսի աշխարհ բերած լոյսը, ըստ Սիմէոն
Ծերունիին Մանուկ Յիսուսին ուղղած խօսքին. «Լոյս ի յայտնութիւն հեթանոսաց»: Այս օրհնուած
մոմերով թէ՛ մեր հոգիները և թէ՛ մեր ընտանեկան յարկերը կը լուսաւորենք»:
Պատարագի ընթացքին՝ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի մոմեղինաց օրհնութիւն: Այնուհետեւ հինաւուրց
աւանդութեան համաձայն, խարոյկ վառուեցաւ և անդաստան կատարուեցաւ բոցավառ խարոյկին շուրջ,
եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |