2016-02-01 10:13:00

Պուէնոս Այրէսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին ընդգրկուած է շրջագայութիւններու ցանկին մէջ։


Պուէնոս Այրէսի հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը, որ կը գտնուի Փալերմօ թաղամասին մէջ, Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետարանի որոշմամբ ընդգրկուած է քաղաքի շրջագայութիւններու պաշտօնական ցանկին մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ prensacentroarmenio.com.ar կայք-էջէն:

Զբօսաշրջիկներուն պիտի ուղեկցին յատուկ պատրաստութիւն անցած զբօսավարներ, որոնց նպատակը զբօսաշրջիկներուն քաղաքի պատմամշակութային կոթողներու, զբօսայգիներու, թատրոններու, թանգարաններու միջոցով համապարփակ տեղեկութիւններ փոխանցելն է:

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը ծրագիրին մէջ ներառելով` կազմակերպիչները ցանկացած են շեշտել Պուէնոս Այրէսի մէջ հայկական համայնքի դերը, որ մեծ հետք  ձգած է  քաղաքի կեանքին մէջ:

Մայր տաճարի մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու նպատակով` ծրագիրին ընդգրկուած զբօսավարները այցելած են հայկական եկեղեցի, հանդիպած Արժանթինի եւ Չիլիի մէջ Հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրատեանի հետ: Հանդիպման աւարտին հոգեւոր առաջնորդը հիւրերուն հայկական եկեղեցւոյ մասին գրականութիւն  փոխանցած է:

Աւելցնենք, որ Արժանթինի  մայրաքաղաքի օրէնսդիր մարմինը 2010 թուականին հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը հռչակած է պատմական յուշարձան: 1938 թուականին օծուած եկեղեցին ընդգրկուած է Արժանթինի մշակութային կարեւորագոյն արժէքներու ցանկին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.