2016-02-01 14:55:00

Եկեղեցական Գիտելիքներ Բ. Շաբաթ Առաջաւորի (31 Յունուարէն 7 Փետրուար 2016)։


Առաջաւորի վերջին շաբաթը կը պարունակէ մեր հայ սուրբերու տօները. Սուրբ Ղեւոնդ եւ իր հետ ընկերացող կղերականները, ինչպէս նաեւ Քաջն Վարդան Մամիկոնեան եւ իր հետ պատերազմի դաշտին վրայ ինկող մեր հերոսները։

Կիրակի օր` Յովհաննէսի աւետարանի ամէնէն յուզիչ  բաժիններէն մին է որ կարդացուեցաւ. Յիսուս կը խօսի Հացին մասին որ երկնքէն կու գայ, այդ հացը կը նոյնացնէ իր անձին հետ, եւ կը պատուիրէ որ ուտեն իր մարմինը եւ խմեն իր արիւնը որպէսզի յաւիտենական կեանք ունենան իրեն հաւատացողները։

Երբ` այս խօսքերուն վրայ, միւս աշակերտները կը թողուն զինք ու կը հեռանան, Յիսուս իր խօսքը կ՛ուղղէ առաքեալներուն, ըսելով. Դու՞ք ալ կ՛ուզէք երթալ, ազատ էք, կրնաք երթալ. Սակայն Պետրոս անմիջապէս կը միջամտէ եւ կը գոչէ. Տէր, որու՞ն երթանք, դուն ունիս յաւիտենական կեանքին խօսքերը։ Սքանչելի սլացք մը եւ արտայայտութիւն որ կու գան անշուշտ Սուրբ Հոգիէն, որ կը գործէ իր մէջ։

Երկուշաբթի 1 Փետրուարին՝ տօնն է Ս. Վլաս Եպիսկոպոսին եւ Ունեսիմայի որ աշակերտն էր Պօղոս առաքեալի։

Ս. Վլաս  եղած էր Սեբաստիոյ Եպիսկոպոս։

Իր կեանքին մաքրութիւնը, բարքին քաղցրութիւնը, իր համեստութիւնը եւ իմաստութիւնը ու մանաւանդ իր բարեպաշտութիւնը  զինք ամէնուն սիրելի դարձուցած էին։  Հետեւեցաւ փիլիսոփայութեան եւ բժշկութեան, զորս ի սպաս դրաւ քրիստոնէական դատին։

Նուիրուեցաւ ամբողջապէս բարեպաշտական կեանքի. եւ երբ մտադիր էր առանձնական ճգնողութեան նուիրուելու, վախճանեցաւ Սեբաստիոյ եպիսկոպոսը եւ բոլորին համաձայնութեամբ ինք ընտրուեցաւ յաջորդը։

Ան իր ժողովուրդը կ՝առաջնորդէր ու կը դաստիարակէր որքան իր խօսքով նոյնքան եւ աւելի իր բարի օրինակով։

Հալածանքներու սաստկութեան միջոցին յանձնարարեց հաւատացեալներուն, որ ժամանակ մը շատ մէջտեղ չերեւին, մինչեւ իսկ քաշուին լեռները։

Նոյնը ըրաւ նաեւ ինք, քաշուելով Արգէոս Լեռը (Էրճիաս տաղը) ուր սակայն հալածիչ կուսակալի զինուորները զինք գտան եւ քաղաք բերին։

Հազիւ Սեբաստիա մտած էր  երբ ՜՜մայր մը՝՝ լալահառաչ ինկաւ իր ոտքերուն, խնդրելով իր նոր մեռած  զաւկին վերակենդանութիւնը։

Գթալով մօր արցունքներուն, սուրբը  ներկաներուն առջեւ աչքերը վեր առաւ ու այսպէս աղօթեց. ՜՜Լսէ՝  Հայր  գթութեանց եւ Աստուած ամենայն մխիթարութեանց, ծառայիդ աղօթքին եւ վերադարձուր այս մանկան կեանքը, որպէսզի ամէնքը  ճանչնան թէ դուն  ես կեանքի եւ մահուան տէրը՝՝։

Հազիւ աղօթքը ըսուած էր, մանուկը վերակենդանացաւ իր մօր գրկին մէջ։

(Այս մանկան կոկորդը ձկան փուշ խրած ըլլալով մեռած էր. անոր համար Ս. Վլասի բարեխօսութիւնը կը փնտռուի կոկորդի հիւանդութեանց համար)։

Կուսակալը հրամայեց սուրբին որ զոհէ ՜՜Անմահ աստուածներուն՝՝։

-Անմահ աստուաներո՞ւն, բացագանչեց սուրբը. Ի՞նչ անուն է որ կու տաք դուք դեւերուն, որոնք ձեզի վնաս հասցնելէ զատ ոչինչ կրնան ընել։ Գիտցէք որ ՜՜մէկ Անմահ Աստուած կայ, Ամենակալ եւ Յաւիտենական՝՝. ես Այդ է որ կը պաշտեմ։

Դատաւորը այս պատասխանէն զայրացած հրամայեց ձաղկել զայն այնքան անգութ եւ այնքան բրտօրէն, որ ոչ ոք խորհեցաւ թէ ոեւէ մէկը կրնար այլեւս ողջ մնալ այդ ձաղանքէն ետք։

Սակայն երջանկութիւնը որ կը ճառագայթէր անոր դէմքէն բոլորին հասկնալ տուա որ ՜՜Գերբնական ոյժ մը կը զօրացնէր զայն՝՝

Բանտ նետուեցաւ։ Չարչարանքները շարունակուեցան բանտին մէջ եւ հրապարակաւ։ Եօթ կիներ անոր մարմինէն հոսած արիւնով կ՝օծէին իրենք զիրենք հոգւոյ եւ մարմնոյ բժշկութիւն գտնելու հաւատքով։

Այս կիներն ալ մարտիրոսացան իրենցմէ ոմանք ալ իրենց մանուկներուն հետ միասին։ Ի վերջոյ  ան գլխատուեցաւ։

Ս. Վլաս, ամենէն ժողովրդական սուրբերէն եղած է Միջին դարուն։

Յոյները Սուրբ Վլասի  տօնը կը յիշատակեն 11 փետրուարին, Լատինները՝ 3 փետրուարին իսկ հայ եկեղեցին՝  Ութօրէքի կամ Վարդավառի յաջորդող առաջին սրբոց օրը, նայած թէ Զատիկը ուշ թէ կանուխ կու գայ։

Երկուշաբթի 1 Փետրուարին՝ տօնն է  նաեւ  7 սուրբ վկաներու. առաջին երեքը իրարմէ բոլորովին տարբեր վայրերու մէջ նահատակուած են։

Պիոն քահանան Զմիւռնիացի էր եւ Պողիկարպոսի ժամանակակից. Շատեր դարձի բերած ըլլալուն համար նահատակուեցաւ. Մարկոս Արեթուսայ եպիսկոպոսը Ասորի էր եւ Յուլիանոս Ուրացողի օրով կղզի մը աքսորուեցաւ ուր շատեր դարձի բերաւ։ Կիւրեղ Սարկաւագը Պաղեստինցի էր եւ դարձեալ Յուլիանոսի օրով նահատակուեցաւ հեթանոս քուրմերու կողմէ յօշոտուելով։ Իսկ մնացեալ 4-ը Պարսից Եկեղեցւոյ կը պատկանին. Անոնք նահատակուեցան Յազկերտ Ա.-ի օրով. Իրենց անուններն են. Աբդիաս եպիսկոպոս, իր սարկաւագը` Բենիամին, եւ երկու իշխաններ, Որմզդան եւ Սայեն, որոնք քրիստոնեայ դարձած էին եպիսկոպոսին քարոզութեամբ։

Երեքշաբթի 2 Փետրուարին կը  տօնենք  Տեառընդառաջը.

Այսինքն երբ Յիսուսի ծնողքը զինք կը ներկայացնեն տաճարին, քառասնօրեայ շրջանը ամբողջացնելէ ետք։ Յատկանշական է մանաւանդ հանդիպումը երկու ծերունիներուն, Սիմէոնի եւ Աննայի, որոնք` ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն` կու գան տաճար մանուկը տեսնելու, այն որ եկած է փրկելու ժողովուրդը, խոստացուած Մեսիան։

Հայ Եկեղեցին այդ օրը կը կատարէ մոմերու օրհնութիւնը։ Ժողովուրդը, այդ օրհնուած մոմերը առնելէ ետք` տուն կը տանի որպէս խորհրդանիշ հաւատքի լոյսին, որ կը լուսաւորէ ամէն քրիստոնեայ ընտանիք։ Նաեւ նոյն օրը, կամ նախորդ օրուայ իրիկունը, ըստ տեղւոյն յարմարութիւններուն, Աւագերէցը անդաստան կը կատարէ դպիրներուն հետ Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ. Անդաստանը զուտ հայկական սովորութիւն մըն է, ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը, դառնալով վառուած կրակի մը շուրջը։

Նոյն օրը (2 Փետրուարին)  տօնն է նաեւ՝  Ղեւոնդեանց քահանայից։

Ղեւոնդ Երէց հայ քահանայ մըն էր որ գլուխը անցած էր ապստամբութեան Յազկերտ Բ.ի հրամանին դէմ, որ կ՛ուզէր Հայերը Մազդէականութեան դարձնել։ Ան առաջնորդն էր եւ խրախուսողը Վարդան Մամիկոնեանի եւ հայկական գունդերուն, Աւարայրի պատերազմի ընթացքին։ Պատերազմէն ետք` 454 թուին, ինք եւ կարգ մը հայ կղերականներ, որոնց մէջ Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի կաթողիկոսը, Սահակ եւ Թաթիկ եպիսկոպոսները, Մուշէ, Արշէն, Սամուէլ, Աբրահամ եւ Խորէն Երէցները, ու Քաջաջ եւ Աբրահամ սարկաւագները, կալանաւորուեցան եւ Դենշապուհ Ամիրապետին ձեռամբ ամէնքն ալ նահատակուեցան Պարսկաստանի Ռեվան կոչուած գիւղին մօտերը։

Հինգշաբթի 4 Փետրուարին` տօնն է Վարդանանց զօրավարներուն եւ Աւարայրի դաշտին մէջ նահատակուած բոլոր 1036 զինուորներուն։

Անոնք պայքարեցան Պարսից Յազկերտ Բ. Արքայի զօրքերուն դէմ, պաշտպանելու համար իրենց հաւատքն ու հայրենիքը։ Ասոր համար ալ մարտիրոսներ են եւ արժանի բարեբանութեան։ Վարդան Մամիկոնեանի հետ նահատակուած նախարարներու անուններն են. Խորէն Խորխոռունի, Արտակ Պալունի, Տաճատ Գնդունի, Հմայեակ Դիմաքսեան, Ներսեհ Քաջբերունի, Վահան Գնունի, Արսէն Ընծայեցի եւ Գարեգին Սրուանձտեանց։

Շաբաթ 6 Փետրուարին` կը տօնենք Տիեզարական երկրորդ ժողովի 150 Սուրբ Հայրերը, որոնք Կ. Պոլսոյ մէջ ժողովեցան 381 թուին, պայքարելու համար Արիոսի եւ իր հետեւորդներուն, ինչպէս նաեւ զանազան ուրիշ աղանդներու դէմ։ Այս ժողովի ընթացքին Հաւատամքը առաւ իր ներկայ վերջնական ձեւը։

Իսկ Կիրակի 7 Փետրուարը   Բուն Բարեկենդան է, որմէ ետք (յաջորդ օրը) կը սկսի Քառասնորդացը... 








All the contents on this site are copyrighted ©.