2016-01-30 10:36:00

Համա-օրթոտոքս սիւնհոդոսը տեղի պիտի ունենայ Յունաստանի Կրեթա կղզիին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Մոսկուայի պատրիարքութիւնը պաշտօնապէս հաղորդած էթէ Համա-օրթոտոքս սիւնհոդոսը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 2016-ին­, ոչ թէ Իսթանպուլի մէջ, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, այլ Յունաստանի Կրեթա կղզիին մէջ։ Լուրը հաստատած է Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը Զուիցերիոյ Շամբեզի կատարած այցելութեան աւարտին, ուր համախմբուած էին օրթոտոքս եկեղեցիներու բոլոր կրօնապետերը։

Սիւնհոդոսին պիտի մասնակցին ինքնագլուխ բոլոր եկեղեցիներուն պատասխանատուները։ Օրթոտոքս եկեղեցիներու ժողովը սկիզբ պիտի առնէ օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պենտեկոստէի օրը`16 Յունիս 2016-ին։ Նշենք որ տասնամեակէ ասդին պատրաստութիւններ կը տեսնուին սոյն համ-օրթոտոքս եկեղեցիներու վեհաժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.