2016-01-29 10:01:00

Փարիզի մէջ ''Վկաներու Երեկոյ'' 8-րդ հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կազմակերպութեամբ ''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' վատիկանեան բարեսիրական մարմնին, Փարիզի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կեդրոնին մէջ, ուրբաթ 29 Յունուար 2016-ին տեղի ունեցաւ ներկայացումը  ''Վկաներու Երեկոյ'' 8-րդ հանդիպումին։  Ներկայացումին ներկայ  գտնուեցան անձնաւորութիւններ եկած Սուրիայէն, Փաքիստանէն, Իրաքէն, Սուտանէն, պարզելու համար իրենց վկայութիւնը, հայող իրենց ժողովուրդին ապրած դժուարութիւններուն ու զրկումներուն։

Յաջորդաբար խօսք առին գերապայծառ Jean-Clément Jeanbart` Յոյն մելքիթներու̦ Հալէպի առաջնորդը, գերապայծառ Joseph Coutts` Քարաշի առաջնորդը ու նախագահը Փաքիստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին, Իրաքցի կրօնաւորուհի Lika Marooki, Էրպիլի մէջ գաղթական, հայր Aurélio Fernandez, Սուտանէն։

Նախքան իրենց վկայութիւնը տալու վերոնշեալ երկիրներու ներկայացուցիչները, մամլոյ ասուլիս մը ունեցան պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն։ Նշենք որ նոյն ներկայացումը յաջորդաբար տեղի պիտի ունենայ 31 Յունուարին` Նանսիի մէջ, 3 Փետրուարին Ռէնս-ի մէջ, եւ 4 Փետրուարին  Թոլոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.