2016-01-29 09:15:00

Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի աջակցութեամբ կը մեկնարկեն միջսուրիական բանակցութիւնները


Ժընեւի մէջ այսօր կը մեկնարկեն Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու բանակցութիւնները, որոնք կոչուած են ելք գտնել արիւնալի հակամարտութենէն, որ շուտով պիտի նշէ տխրալի հինգերորդ տարելիցը։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Հանդիպումը կը մեկնարկէ կատարեալ անորոշութեան պայմաններու մէջ, երբ յստակ չէ, թէ ով պիտի մասնակցի անոր, որ, ինչպէս կ՝երեւի, առանձնապէս չի զարմացներ ՄԱԿ-­ի գլխաւոր քարտուղարի` Սուրիոյ խնդիրով յատուկ պատուիրակ Սդաֆան տէ Միսդուրան: Ան ի սկզբանէ չէր խոստանար, որ բանակցութիւնները դիւրին պիտի ըլլան: Ատոր համար ալ երկար սպասուած հանդիպումը կը սկսի անուղղակի բանակցութիւններու միջոցով եւ սկզբնական փուլին կը տեւէ երկու-­երէք շաբաթ, իսկ ընդհանուր առմամբ` առնուազն կէս տարի:

Բայցեւայնպէս, տէ Միսդուրան խոստացած է Սուրիոյ ժողովուրդին, որ այս բանակցութիւնները չեն աւարտիր նոյնպիսի ձախողութեամբ, որ եղաւ 2012 թուականի «Ժընեւ­1»-­ը եւ 2014 թուականի «Ժընեւ­2»-­ը:

Հակառակ անոր, որ տէ Միսդուրան բանակցութիւններու հնարաւոր մասնակիցներուն հրաւիրագրեր ուղարկած էր Յունուար 22-­ին, մինչ այժմ պարզ չէ, թէ Յունուար 29-­ին ով պիտի երթայ Ժընեւ եւ, եթէ ընդհանրապէս պիտի երթան, ուստի՝ որ փուլին։ Այսպէս, մինչ այժմ կը  պահպանուի Էր Ռիատի կողմէ խաղը՝ աջակցուող Բանակցութիւններուն գծով բարձրագոյն կոմիտէի մասնակցութեան վերաբերեալ, որուն անդամները առայժմ չեն որոշած` մեկնի՞լ Զուիցերիա, թէ՝ ոչ: Անոնք արդէն քանի մը օր է` նիստեր կը գումարեն Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաքին մէջ եւ կը  փորձեն լուծել այդ հարցը:

Հակառակ հանդիպման առանց նախապայմաններու մասնակցելու ինչպէս ՄԱԿ-ի, այնպէս ալ Ռուսաստանի ու Միացեալ Նահանգներու կոչերուն, անոնք համաձայն չեն երթալ բանակցութիւններուն, քանի դեռ չեն կատարուած ՄԱԿ-­ի ԱԽ-­ի անցեալ տարուան Դեկտեմբերին ընդունած 2254 բանաձեւի դրոյթները:

Հրաւէրներ ստացած են նաեւ այսպէս կոչուած չափաւոր ընդդիմութեան ներկայացուցիչները, որոնք բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին իբրեւ առանձին պատուիրակութիւն: Այսպէս, Ժընեւի մէջ կը սպասեն Սուրիոյ Յանուն վերափոխումներու եւ ազատագրման ժողովրդական ճակատի ղեկավարութեան ներկայացուցիչ եւ երկրի նախկին վարչապետ Գատրի Ճամիլին, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր Սուրիոյ դեմոկրատական խորհուրդի համանախագահ Հայսամ Մանաային: Հրաւէր ուղարկուած է նաեւ Սուրիոյ կառավարութեան: Պաշտօնական Դամասկոսի պատուիրակութիւնը, ինչպէս կը սպասուի, պիտի գլխաւորէ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալեմը:








All the contents on this site are copyrighted ©.