2016-01-29 12:07:00

Աստուծոյ Ողորմածութիւնը Դ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ


Շարունակենք անդրադառնալ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի վարդապետութեան, որ աւանդուած է Ագաթանգեղոսի պատմութեան մէջ։ Սուրբի բոլոր խօսքերու մէջ կրկին ու կրկին կը յիշուի Աստուծոյ ողորմածութիւնը եւ գութը իր արարածներու եւ յատկապէս մարդուն հանդէպ։

Ըստ Սուրբ Գրիգորի՝ ընդունելու համար Աստուծոյ ողորմութիւնը, պէտք է գիտակցինք մեր մեղքերուն, հրաժարինք մեղքէն եւ դարձի գանք։ Աստուած միշտ մարդասէր է եւ համբերող. կը ներէ մարդուն եւ կը խնայէ իր բազում գթութեամբ։ Ան մօտ է իւրաքանչիւրին՝ որովհետեւ մեծ է իր ողորմածութիւնը եւ հոգատարութիւնը։ Աստուած նոյնիսկ իր բարկութեան մէջ կը մնայ ողորմած, նոյնիսկ բարկութեան մէջ կը յիշէ իր ողորմածութիւնը։ Հին Կտակարանի մէջ Աստուած կրկին ու կրկին խղճաց իր ժողովուրդին եւ միշտ անոնց փրկութեան հասաւ։ Իսկ Նոր Ուխտին մէջ, Իր Որդւոյն միջոցաւ վերակազմեց եւ վերանորոգեց ամէն ինչ։

Լոկ Աստուծոյ կամքը արդէն աղբիւր է բոլոր բարիքներու։ Հրեշտաները եւ սուրբերը Անոր յոյսով կʼապրին եւ կարօտով կը սպասեն Անոր ողորմութիւններուն։ Անոր մէկ հայեացքով կը բաւարարուին բոլոր արարածներու կարիքները, եւ անոր զօրութեան շնորհիւ կʼապրին բոլորը։

Մեզմէ իւրաքանչիւրին կը մնայ ըմպել Աստուծոյ մատուցած ողորմութիւնը եւ ոչ թէ բարկութիւնը, հաւատքի քաղցրութիւնը եւ ոչ թէ անհաւատութեան երկմտութիւնը։

Լսենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի խօսքերը՝

«Բայց այս մասին, գիտեմ, որ տգիտութեամբ ըրիք այն ինչ որ ըրիք։ Բայց արդ՝ դարձի եկէք եւ ճանչցէք Տէրը, որպէսզի ողորմի ձեզի եւ ապրեցնէ ձեզ, սպանուած ողջերը բարեխօս ըրէք ձեզի, որովհետեւ կենդանի են եւ ոչ մեռեալ։ Ճանչցէք զԱստուած, որ ինքնին բոլորի Տէրն է, այսուհետեւ հրաժարեցէք պիղծ պաշտամունքներէն, քարեղէն եւ փայտեղէն եւ արծաթեղէն ու ոսկեղէն, պղնձաձոյլ արձաններէն, որովհետեւ սուտ են եւ սնոտի։»

«Չէ՞ որ նախապէս խօսեցայ ձեր մոլորութեան մասին, թէ թանձր խաւարի ստուերի մառախուղը նստած է ձեր սրտի աչքերուն վրայ, եւ կը խանգարէ ձեզ նայելու, մտածելու եւ ճանչնալու Արարաիչը։ Արդ՝ եթէ ես աստուածութեան պաշտմամբ մերձենալու որեւէ ուղղութիւն տեսնէի ձեզմէ, չէի դադրեր գիշեր ու ցերեկ ձեզի համար աղաչելէ որ չկորսուիք։ Այլ խօսինք Արարչի բազում մարդասիրութեան մասին, որ անքնին եւ անպատում է իր արարածներուն նկատմամբ եւ համբերութեամբ կը ներէ, կը լսէ եւ կը խնայէ շնորհիւ իր բազում գթութեան։ (ԻԱ)

«Սակայն ոչ ոք կարող է անհաս էութեան մասին ճառել եւ ինչպէս որ Ան է, ոչ ոք կարող չէ պատմել, որովհետեւ անհաս, անբաւ, անպարփակ ու անքնին է, անմատոյց եւ անիմանալի է բոլոր արարածներուն համար, տեսողութեան համար աներեւոյթ է, սակայն շնորհիւ Իր հոգատարութեան ու գթութեան մօտ է բոլորին։ Մահկանացու մարդոցմէ ոչ ոք զԱյն չէ տեսած, եւ ոչ ալ հոգեղէններէն եւ հրեղէն հրեշտակներէն որեւէ մէկը։ Միայն փառաբանուած է բոլոր արարածներէն, որովհետեւ ամէն ինչ Անկէ ծագում առած է, բայց Ան միայն ինքնագոյ է։» (ԻԲ)

«Նախ այս բանի մէջ տեսէք Արարչին զօրութիւնը, որ ամէն ինչ ստեղծած է իր կամքի համաձայն եւ երբ կամենայ կարող է ամէն մէկուն բնութիւնը փոխել եւ, նոնյիսկ այն վնասակար թունաւոր գազաններուն, որոնք սարսափելի հորի մէջ էին, քաղցրացուց անարժանիս՝ իր ծառայի նկատմամբ։ Թէպէտ մենք անարժան էինք, սակայն ձեր օգուտին համար պահեց մեզ եւ ցոյց տուաւ իր հրաշքներու զօրութիւնը։ Որովհետեւ մեզ պահեց, որպէսզի ձեր մշակութեան գործին լծուելով եւ ձեզի օգուտ բերելով՝ Աստուծոյ մարդասիրութիւնը մեր միջոցով ձեր նկատմամբ կատարուի։» (ԻԲ.)

«Տէրը տեսնելով անոնց (հրեայ ժողովուրդի) կրած նեղութիւնները, լսելով անոնց աղաչանքներու ձայնը, յիշեց անոնց հայրերուն հետ կնքած ուխտը եւ, ըստ Իր առատ ողորմածութեան, խղճաց անոնց, եւ անոնց հանդէպ գթութիւն արթնցուց անոնց գերեվարողներուն մօտ (Սաղմ ՃԵ. 44-46)։ Տէր Աստուած փրկեց զանոնք եւ հաւաքեց հեթանոսներու մէջէն, վերադաձնելով եօթանասուն տարուան գերութենէն, Բաբելոնի երկրէն, Ասորեստանի կողմերէն։ Կրկին շէնցուց աւերակները եւ նորոգեց Իր անուան տաճարը, տուաւ մարգարէութեան շնորհքը, վերադարձուց քահանայութիւնը եւ ամէն ինչ երկրորդ անգամ կրկին նորոգեց։ Եւ այդ ժամանակ Իր խօսքը տուաւ, որ դարեր յետոյ կատարեց Իր Միածին Որդիի միջոցաւ։» (ԼԴ.)

«Ինչքան ուրեմն աւելի աննկարագրելի է Աստուածութիւնը, որուն կամքը բոլոր բարիքներու աղբիւր է, եւ Ան բոլոր գործերու Տէրն է։ Անոր բերանի խօսքով հաստատուեցան բոլոր արարածները եւ Անկէ լոյս առին բոլոր լուսատուները, եւ Անոր զօրութեամբ հաստատուած են բոլոր արարածները՝ երկնքի կամարները եւ ամբողջ երկիրը, եւ այն, ինչ որ անոնց մէջ է։ Եւ երկնաւոր սպասաւորները եւ սուրբերու լուսաւոր բանակները Անոր յոյսով կʼապրին եւ կարօտով կը սպասեն Անոր ողորմութիւններուն։ Անոր մէկ հայեացքով կը բաւարարուին բոլոր արարածներու կարիքները, եւ անոր զօրութեան շնորհիւ կʼապրին բոլորը։ (ԼԸ)

«Եւ ահա այդ բաժակը կու գայ ծառայելու բոլորին, եւ ահաւասիկ այն հասաւ ձեզի։ Ահա լի են թագաւորի մառանները եւ կազմ ու պատրաստ են արբեցնող մատռուակները՝ բաժակները իրենց ձեռքին, եւ դահլիճներուն մէջ, հրաւիրուածներու համար բացուած են սեղանները, քաղցր եւ անուշ ուրախութեան գինին՝ խմելու համար կը տրուի անոնց բոլորին, որոնք կʼուզեն ըմպել հաւատքով։ Պատրաստուած է նաեւ չարութեան խաւարի դառն մրուրը, չարերու խմիչքը, կործանման տանող այրիչը։»

«Ահա ինչ որ կʼուզէք ըմպել, երկու տեսակի բաժակներն ալ պատրաստ են մատուցուելու ձեզի։ Խմեցէ՛ք իմաստութիւնը եւ ոչ թէ անմտութիւնը, խմեցէ՛ք ողորմութիւնը եւ ոչ թէ բարկութիւնը, հաւատքի քաղցրութիւնը եւ ոչ թէ անհաւատութեան երկմտութիւնը՝ չարի այրող հուրը, որ կը կիզէ գեհենին մէջ եւ կը տանի դէպի խաւար, այլ ըմպէ՛ք այն բաժակի հուրը, որ ըմպելու ժամանակ պիտի լուսաւորէ ձեզ, եւ պիտի այրէ ձեր տգիտութենէն եկող մեղքերու ժանգը եւ պիտի պահպանէ ձեր հոգիները՝ ձեր հաւատքէն ծնած յոյսի շնորհիւ։ (ԿԱ)

 








All the contents on this site are copyrighted ©.