2016-01-28 13:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ազգային կենսաբարոյական հարցերու կոմիտէի անդամները


(Ռատիօ Վատիկան) Հինշաբթի, 28 յունուարին առաւօտեան, Վատիկանի Քոնչիթորօ դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական  Ազգային կենսաբարոյական հարցերու հայող կոմիտէի աւելի քան 45 անդամներ։

Այս առթիւ անոնց արտասանած ճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ   գոհունակութիւնը յայտնեց  ''կենսաբարոյական հարցերու հայող Ազգային կոմիտէի'' տածած աշխատանքին համար ընդգծելով թէ  ինչպէս եկեղեցին  զգայուն է ''բարոյական'' հարցերուն եւ ինքզինք գոհունակ կը զգայ երբ քաղաքացիական խիղճը, զանազան մակարդակներու վրայ, ի վիճակի է  խոկալու, ընտրանքներ կատարելու եւ ի գործ դնելու զանոնք  հիմնուելով  ազատ եւ բաց իմացականութեան վրայ ինչպէս նաեւ անհատի եւ ընկերութեան հիմնական արժէքներու վրայ։

Քաղաքացիական հասուն պատասխանատուութիւնը նշան է որ Աւետարանի սերմը – որուն պատասխանատութիւնը յանձնուած է Եկեղեցւոյ -  արդիւնաբեր դարձաւ ու կարողացաւ  զարգացնել  բարիին, ճշմարիտին եւ  գեղեցիկին որոնումը մարդկային եւ բարոյական խրթին հարցերու ընդմէջէն։

Այս կը նշանկա ծառայել մարդուն, իր ամբողջականութեամբ ու յատուկ կերպով ուշադրութիւն դարձնելով տկար անհատներուն եւ այս ծիրէն ներս քաղաքացիական ու եկեղեցական հասարակութիւնները աշխատելու են միասնաբար ամէն մէկ իրեն վերապահուած պարտականութեան միջոցաւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  ապա անդրադարձաւ  կոմիտէի   մարդ արարածի հանդէպ ունեցած համարումի մասին` ինչպէս մարդ արարածի ամբողջականութեան յարգանքը, սաղմէն մինչեւ մահ առողջութեան պահպանումը,  մարդը որպէս  անհատ  եւ  որպէս նպատակ եւ ոչ թէ որպէս միջոց ըմբռնելը, սկզբունքներ ե որոնք կը հային կենսաբարոյականութեան որ նկատի առնելու է միշտ մարդ արարածի կեդրոնականութիւնը։ 

Ֆրանչիսկոս  Պապ ապա շեշտը դրաւ երեք կարեւոր կէտերու վրայ

Առաջին ''Կենսոլորտի  վատթարացման հարցերու միջ-կրթական վերլուծումը''։   կենսաբանական գիտութիւններու մարզէն ներս ուղղութիւններ տալ քաջալերելու համար   պահպանողական գործողութիւնները կենսոլորտի խնամքին համար։

Երկրորդ Հաշմանդամութեան եւ մեկուսացուցանելու հարցը ընկերութեան մը մէջ ուր միշտ  կը ձգտի մրցակցութեան ու արագացնելու զարգացումի գործընթացը։ Մարտահրաւէր մը հակազդելու համար մնացորդացի մշակոյթը որ կը տիրապետէ աշխարհի մէջ եւ որ մարդկային սաղմը կը նկատէ որպէս ''մնացորդ'' մը, ու մնացորդ կը նկատէ հիւանդը ու տարեցն ու մահամերձը։

Երրորդ  ներդաշնակութիւն ստեղծել կենսաբարոյական եւ բժշկական գործողութիւնները սահմանող օրէնքներուն միջազգային գետնի վրայ,  որոնք կը ճանչնան հիմնական իրաւունքներն ու  արժէքները։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ  ճարը եզրափակեց գնահատելով կոմիտէի ի գործ դրած ջանքերը հանրային կարծիքը  հետաքրքրելու համար ՝ապա անոնց վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւնները ու ապահովեցուց իր աղօթքները խնդրելով որ իրենք եւս նոյնը կատարեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.