2016-01-28 11:27:00

Սուրիոյ Տէյր էլ Զօր շրջանը սովի սպառնալիքի տակ կը գտնուի։


(Ռատիօ Վատիկան) Շուրջ 120 հազար քաղաքացիներ սովի մատնուած են Տէյր էլ Զօր քաղաքի որոշ շրջաններու մէջ։ Քաղաքին կեդրոնը բռնագրաւուած է ՏԱՀԵՇի ահաբեկիչներէն, յայտարարած է 27 Յունուար 2016-ին, Ասորիներու կաթողիկէ առաջնորդ` գերապայծառ Ժագ Հինտօ ընդգծելով թէ ցորտը կ՛ ընկերանայ սովին։

ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները, ամէն տեղ որ կը հաստատուին, կ՛արգիլեն ուտեստեղէնի ու այլ անիմիջական կարիքներու մուտքը քաղաք­, ծունկի բերելու բնակիչները։ 

Գերապայծառ  Հինտօ կը հաստատէ որ պատերազմէն առաջ շրջանի մէջ կ՛ապրէին հազար քրիստոնեայ ընտանիքներ մինչ ներկայիս միայն մէկ անհատ  մնացած է։ Նշենք թէ ՏԱՀԵՇ-ի համար Տէյր էլ Զօր շրջանը  ռազմավարական կարեւոր դեր մը ունի։








All the contents on this site are copyrighted ©.