2016-01-28 09:36:00

Միացեալ Նահանգներ ջնջած են Քուպայի դէմ հաստատուած տնտեսական շարք մը սահմանափակումներ


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ որոշում տրուած է ջնջելու Քուպայի դէմ հաստատուած շարք մը տնտեսական սահմանափակումներ: Լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ անոնք կը վերաբերին դէպի Քուպա արտածումին եւ վերարտածումին:

Համապատասխան յայտարարութիւնը հրապարակած են Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի եւ առեւտուրի նախարարութիւնները:

Դեկտեմբեր 2015-ի կիսուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երկրի քոնկրեսին դարձեալ կոչ ուղղած էր ջնջելու Քուպայի դէմ առեւտրական արգելքը, որ կը գործէր աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր:

Սպիտակ տունը երէկ հաղորդեց, որ Օպամա ստորագրած է Իրանի դէմ պատժամիջոցները ջնջող հրամանագիր մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.