2016-01-28 12:11:00

Հիւանդի համաշխարհային ԻԴ օրուայ ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 28 յունուար 2016-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Գերապայծառ Զիկմունթ Զիմովսքի` Առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, խորհուրդի քարտուղարի ու ենթաքարտուղարի հետ միասին, ներկայացումը կատարեցին  Հիւանդի համաշխարհային ԻԴ օրուայ որ պիտի նշուի յառաջիկայ 11 Փետրուար 2016-ին, Սուրբ Երկրի Նազարէթ քաղաքին մէջ եւ որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին` անցեալ 15 սեպտեմբեր 2015-ին  հրատարակած պատգամին բնաբանն է ''Յանձնուիլ Յիսուսին ողորմած Մարիամի նման. ''Ըրէք ինչ որ հրամայէ ձեզի'' (Յովհ 2,5)։

Գերապայծառ Զիմովսքի մատնանշեց  թէ Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամին մէջ բացայայտեց թէ վերոնշեալ օրը առիթ պիտի հանդիսանայ յատուկ մօտիկութեան` հիւանդներուն ու հիւանդապահներուն։ Ան ապա յայտնեց թէ Հիւանդի համաշխարհային օրը հաստատուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կողմէ` 13 Մայիս 1992-ին եւ որուն նպատակն է Աստուծոյ Ժողովուրդին ուշադրութեան յանձնել հիւանդներու հոգատարութեան կարեւորութիւնը ու այս ծիրէն ներս օգնել հիւանդներուն վերարժեւորելու մարդկային ու գերբնական գետնի վրայ տառապանքը, ապա արժէքաւորել կամաւորներու աշխատանքը ու հիւանդապահներու հոգեւոր ու բարոյական կազմաւորումը ինչպէս նաեւ արժեւորել Քահանաներու հոգեւոր խնամակալութիւնը ի սպաս հիւանդին ու տառապողին։

Գերապայծառ  Զիմովսքի ապա մատնանշեց թէ Հիւանդի համաշխարհային ԻԴ օրը կը նշուի Ողորմութեան Յոբելենական Տարւոյն ծիրէն ներս ապա ակնարկեց վերոնշեալ օրուայ յայտագրին ու յատկապէս այդ օրուայ նշանակութեան` որպէս մօտիկութիւն եւ ողորմութեան ցուցաբերում հանդէպ հիւանդին ու կարիքաւորին, ըլլայ  նիւթական ըլլայ հոգեւոր գետնի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.