2016-01-28 11:10:00

Գերապայծառ Աուզայի միջամտութիւնը Միջին Արեւելքի իրավիճակի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ս﹒ Աթոռի ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դէտը` գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզա խօսք առնելով ՄԱԿի անվտանգութեան խորհուրդին առջեւ  պարզեց Վատիկանի դիրքը հայող Միջին Արեւելքի (ներառեալ իսրայէլ-պաղեստինի, զինեալ ընդհարումը) բարդ ու դժուար կացութեան։

Գերապայծառ Աուզա ՄԱԿի անդամներուն առջեւ արձագանքեց ֆրանչիսկոս Պապի արտասանած ճառը Ս﹒ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին։

Ան ըսաւ որ Ս﹒ Աթոռը մեծապէս մտահոգ է` ի տես  իսրայէլ-պաղեստին լճացած կացութեան։ Կացութիւն մը որ այնքան ծանր է որ կը մղէ հարցադրելու Օսլոյի համաձայնագիրի վաւերականութեան մասին։ Ս﹒ Աթոռը անհրաժեշտ կը նկատէ յանդուգն ու քաջ դիրք մը որդեգրել պահանջելով հրեաներէն ու պաղեստինցիներէն փոխադարձ զիջումներ կատարել` ապահովութեան իրավիճակի մը հասնելու համար։ Երկու ժողովուրդները ուրիշ բան չեն ուզեր եթէ ոչ խաղաղութիւնը։

Գերապայծառ Աուզա անդրադառնալով Սուրիոյ զինեալ ընդհարումի մասին խնդրեց որ վերջ դրուի զէնքի մուտքին։ Ան ըսաւ որ Ս﹒ Աթոռը նեցուկ կը կանգնի ՄԱԿի անվտանգութեան խորհուրդին 2254 որոշումին որ կը ճանչնայ Սուրիոյ անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, պահանջելով Սուրիոյ տագնապին լուծում գտնել երկխօսութեան ճամբով։ Այդ իմաստով Ս﹒ Աթոռը յատուկ յոյսով կը դիտէ միջազգային հասարակութեան նախաձեռնութիւնը Ժընեւի մէջ կազմակերպած կլոր սեղանին` որուն կը մասնակցին Սուրիոյ կառավարութեան եւ  ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.