2016-01-27 10:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 27 Յունուարի հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 27 Յունուար 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ, սովորութեան համաձայն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ `ընդհանուր  ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ արտասանած ճառը կեդրոնացուց Աստուծոյ ու անոր ողորմութեան ներկայութեան` Իսրայէլի ու մարդկութեան պատմութեան մէջ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Քահանայապետը, Սուրբ գիրքի մէջ Աստուծոյ ողորմութիւնը ներկայ է Իսրայէլի համայն պատմութեան մէջ։ Իր ողորմութեամբ Տէրը կ՛առաջնորդէ պատրիարքներու ուղեւորութիւնը, անոնց կը պարգեւէ զաւակներ` հակառակ անոնց ամլութեան, զանոնք կ՛առաջնորդէ դէպի շնորհքի ու հաշտութեան ուղիներ, այնպէս ինչպէս ի յայտ կու գայ Յովսէփի ու անոր եղբայրներուն պատմութենէն։

Նորին Սրբութիւնը ապա դրուատեց Իսրայէլի ժողովուրդին պատմութիւնը Եգիպտոսի մէջ ստրկութեան շրջանին, մատնանշելով անոնց աղաղակին` Աստուծոյ։ Աստուած տեսաւ Իսրայէլի տառապանքը ու այդ տառապանքի դիմաց Անոր ողորմութիւնը անտարբեր չի մնաց որովհետեւ Աստուածային ողորմութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ դժբախտներու տառապանքի դիմաց։ Աստուած անտարբեր չէ, իր հայեացքը չի վերցներ մարդկային տառապանքէն։ Ողորմութեան Աստուածը կը համապատասխանէ ու կը խնամէ աղքատներուն կարիքները, անոնց որոնք յուսահատութեան ճիչ կ՛արձակեն։ Աստուած մտիկ կ՛ընէ ու կը միջամտէ փրկելու համար, այնպէս ինչպէս ըրաւ Մովսէսին հետ` որպէս միջնորդ Իսրայէլի ժողովուրդին ազատութեան ի խնդիր։ Աստուած Մովսէսի միջոցաւ իր ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ անապատին մէջ ու անոր հետ կը կնքէ ուխտ մը` դաշինք մը, ստեղծելով զօրեղ սիրոյ յարաբերութիւն մը, յատուկ, մենաշնորհ, նման Հօր ու զաւակի միջեւ յարաբերութեան։

Տիրոջ ողորմութիւնը մարդը կը դարձնէ թանկարժէք իր աչքերուն կարծես ըլլար անձնական հարստութիւն մը, սեփականութիւն մը որ Ան կը պահպանէ եւ որուն մէջ հաճութիւն կը գնտէ ըսաւ Սրբազան Պապը իր ճարին աւարտին ու ապա եզրափակեց` ''Ասոնք են ահա Աստուածային ողորմութեան սքանչելիքները որոնք իրենց կատարումը կը գտնեն Տէր Յիսուսի մէջ, այդ նոր ու յաւիտենական ուխտի մէջ, որ դրոշմուեցաւ Անոր արիւնով եւ որ ներումով կը կործանէ մեր մեղքերը ու մեզ կը դարձնէ վերջնականապէս Աստուծոյ զաւակներ, թանկարժէք զարդեր, բարի ու ողորմած Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.