2016-01-27 09:31:00

Յունուար 27-ը Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակի միջազգային օրն է


Յունուար 27-ը Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակի միջազգային օրն է: Անիկա սահմանուած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ասամպլէայի 2005 թուականի Նոյեմբեր 1-ի 60/7 բանաձեւով։

«Հոլոքոսթ» եզրոյթը (հին յունական holocaustosis` «ողջակէզ», «կրակով ոչնչացում») տարածուած է 1950-ական թուականներուն` շնորհիւ գրող Էլի Վազելի` Օսուենցիմի նախկին կալանաւորին (1986 թուականի Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրի) գիրքերուն: Այդ եզրոյթով ան անուանած է Գերմանիոյ, անոր դաշնակիցներու եւ անոր կողմէն բռնագրաւուած երկիրներու տարածքին նացիստներու կողմէն հրեաներու զանգուածային ոչնչացումը: Պատմաբաններու գնահատումներուն համաձայն` Հոլոքոսթի զոհերու ընդհանուր թիւը կը գերազանցէ վեց միլիոնը:

Յունուար 27 ամսաթիւը ընտրուած է անոր համար, որ 1945 թուականի այդ օրը խորհրդային զօրքերը ազատագրած են Օսուենցիմ համակեդրոնացման ճամբարը (անիկա կը գտնու Լեհաստանի տարածքին, գերմանական անուանումն է` Աուշուից), ուր սպաննուած է աւելի քան 1,1 միլիոն մարդ, ներառեալ շուրջ մէկ միլիոն հրէայ:

Բանաձեւը ուղղուած է Հոլոքոսթին` իբրեւ պատմական իրադարձութեան ժխտման փորձերուն դէմ եւ կը դատապարտէ կրօնական անհանդուրժողութեան բոլոր դրսեւորումները:

Ամէն տարի Յունուար 27-ին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնական հիմնարկներու մէջ եւ ՄԱԿ-ի բաժանմունքներուն մէջ (Վիեննայի, Ժընեւի, Նայրոպիի) կը  կազմակերպուին տարբեր արարողութիւններ եւ յիշատակի ձեռնարկներ, ներառեալ Հոլոքոսթի հետ կապուած իրադարձութիւններուն նուիրուած փաստագրական ֆիլմերու ցուցադրումը եւ ցուցահանդէսներու կազմակերպումը: Առաջին անգամ Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակի օրը նշուած է 2006 թուականին:








All the contents on this site are copyrighted ©.