2016-01-27 12:41:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Գիտնալ  ամսուան օրը։

«Այսօր ամսուն քանի՞ն է» այսպէս  կը հարցնեն ոմանք՝ կա՛մ թուղթ մը ստորագրելու եւ անոր տակ թուական դնելու համար,  կամ շաբթուան մէջ իրագործելի իրենց այս կամ այն գործը կարգաւորելու մտադրութեամբ: Շատ քիչերն են, որոնք պարզապէս օրը հարցնելու սիրոյն կը հարցնեն, թերեւս վախնալով, թէ ինչքան շուտ եւ ստուերի պէս կ՛անցնի իրենց կեանքը:
Մեր նպատակը ՜՜Օրացոյցներու տոմարական խնդիրներուն մէջ մտնել չէ՝՝   ո՛չ ալ ձգտում ունինք Յուլեան կամ Գրիգորեան հին ու նոր տոմարներու հարցերը լուծելու: Օրացոյցներն ալ իրենց բազմագոյն ու բազմազան տեսակներով արդէն ողողած են մեր կեանքը:

Փոխաբերական իմաստով կը գործածուի «գիտէ՛ ամսուան օրը» արտայայտութիւնը անոնց համար, որոնք գիտակ են իրենց գործին, ու մանաւանդ պատրաստ՝ ստանձնելու որեւէ պատասխանատուութիւն:
Հաւաքական աշխատանքներու պարագային միշտ նուիրեալներ կը փնտռուին: Սակայն նուիրումը երբեմն բաւարար չէ՛ գործ մը յաջողութեամբ պսակելու համար: Ատիկա վաստակաշատ անձերու շարքերուն մէջէն դիւրաւ կարելի է դուրս բերել: Կամ՝ պատուոյ աթոռներ տալու համար ոմանց, կարելի է նուիրումի գնահատական պատմուճաններ հագցնել շատերու, գործի գլուխ կանգնեցնելով զանոնք: Սակայն նուիրուած ու պատուական ըլլալուն հետ, այսօրուան աշխարհը կը փնտռէ նաեւ մասնագիտութիւն, առանց որուն գործին յիսուն առ հարիւր աշխատանքը միայն կատարուած կ՛ըլլայ, արդիւնքին մասին ալ ամբողջական պատկերացում չունենալով դեռ:
Սեփական թէ հաւաքական աշխատանք իրագործելու համար, կասկած չկայ որ մարդիկ յաջողութեան հասնելու նպատակով ճամբայ կ՛ելլեն: Այլապէս այդքան ճիգ ու ջանք, ժամանակ ու ծախս ո՛չ ոք պիտի ուզեր վատնել, կամ լաւ եւս՝ մսխել:
Անհատական ծրագրաւորումով կատարուող աշխատանքներուն մէջ տեսնուած լրջութիւնը, դժբախտաբար, հաւաքական աշխատանքին մէջ այնքան ալ երեւելի չ՛ըլլար: Իրենց ընտանիքին, նոյնիսկ երբեմն ազգականական աւելի լայն շրջանակներուն համար հեռակայ ծրագիրներ մշակող հեռատես մարդիկ, երկա՜ր տարիներու հաշուարկներով աշխատանքի հիմեր կը հաստատեն, ու մինչեւ զանոնք իրագործելը, աչալրջութեամբ կը հետեւին կատարման ընթացքին:
«Ամսուան օրը գիտցող» մարդը գտնելը երբեմն դիւրին է, սակայն զայն գործի վրայ պահելը՝ դժուար: Մանաւանդ երբ «մասնաւոր» շահ չկայ հաւաքականութեան կողմէ յանձնուած աշխատանքին մէջ, գէթ պէտք է քաջալերել «ամսուան օրը գիտցող»ին, մնալու իր պարտականութեան գլխուն եւ աւարտին հասցնելու զայն:
Իր ունեցած սահմանափակ մարդոյժին մասին արտայայտուելով, ղեկավար անձ մը կ՛ըսէր. «Ուրկէ՞ գտնել ամէն ատեն ճի՛շդ մարդը, դնելու համար ճի՛շդ տեղը ու ճի՛շդ ժամանակին»:

Ու մենք կը պատասխանենք.
_ Մարդոյժի առատութեան օրերո՛ւն պէտք էր մտածուեր այդ մասին, ու ո՛չ թէ հիմա, երբ մարդոյժի չգոյութեան համար ողբեր կը հիւսուին գրեթէ ամէնուրեք: Իսկ մարդոյժի առատութիւն կը ստեղծուի այն ատեն միայն, երբ մարդոյժը ծրագրուած կերպով պատրաստուի, ու ո՛չ թէ մասնաւոր ճիգով հաւաքուի, հաւաքուածներուն մէջէն պատահական ընտրութիւն կատարելու մտադրութեամբ…
«Ամսուան օրը գիտցողներով» պէտք է լեցուն ըլլայ որեւէ հաւաքականութեան մարդոյժը, կարենալ ծրագրելու համար այնպիսի աշխատանքներ, որոնք բոլորին բարիքին ծառայեն: Այնպէս, ինչպէս որեւէ ընտանիք, եթէ չունենայ հեռատես հայր եւ խոհեմ մայր, չի՛ կրնար վերապրիլ արժանապատիւ կերպով, որով վայել է որեւէ ընտանիքի, յատկապէս յառաջադէմ եւ լոյսի ու գիտութեան այս դարուն:

«Ամսուան օրը գիտցող» ըլլալ, կամ ունենալ  այդպիսի անձ մը, շատ երանական վիճակ է, որուն յարգը պէտք է գիտնալ ու ոտքերէ բացի նաեւ թեւեր տալ անոր, տեղէն շարժելու համար երբեմն քառակուսի կաղապար դարձած անիւը մեր սեփական թէ հաւաքական կեանքի բազմապիսի գործերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.