2016-01-27 09:40:00

Գերապայծառ Թոմազիի գնահատումով Սուրիոյ բանակցութիւնները պէտք են սկսիլ հրադադարով։


(Ռատիօ Վատկկան) Սուրիոյ մասին գումարուած կլոր սեղանը սկիզբ պիտի առնէ յառաջիկայ ուրբաթ 29 Յունուարին։ ՄԱԿի ներկայացուցիչը ամէն ջանք կը թափէ որպէսզի Սուրիոյ կառավարութիւնն ու ընդդիմադիրները նստին նոյն կլոր սեղանին շուրջ։

Ս﹒ Աթոռի մնայուն դէտը ՄԱԿի մօտ` գերապայծառ Թոմազիի գնահատումով հարկաւոր է որ կլոր սեղանին ընթացքին տիրէ հրադադարը եւ այսպէսով կարելիութիւն տրուի երկու խումբերուն լուծում գտնելու Սուրիոյ զինեալ տագնապին ու քաղաքացիները կարելիութիւն ունենան շունչ առնելու ու գոհացում տալու իրենց կարիքներուն։

29 Յունուար 2016-ի բանակցութիւններուն նախատեսուած չէ մասնակցութիւնը ՏԱՀԵՇի և Ալ-Նուսրայի խմբաւորումներուն որոնք ՄԱԿի կողմէ նկատուած են որպէս ահաբեկչական խմբակներ։ Ռուսիա եւ ԱՄՆը այսպէսով պիտի կարենան շարունակել ռմբակոծել վերոյիշեալ խմբակները։








All the contents on this site are copyrighted ©.