2016-01-26 09:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ես յետինն եմ առաքեալներուն....որովհետեւ հալածեցի Աստուծոյ Եկեղեցին։ Ինչ որ եմ Աստուծոյ շնորհքովն եմ եւ Աստուծոյ շնորհքը մէջս ամուլ չմնաց'' (Ա Կորընթ. 15, 9-10)'' Պօղոս առաքեալ այսպէս կը բացայայտէ իր դարձի նշանակութիւնը զոր պատահեցաւ` Յարուցեալ Յիսուսի հետ յանկարծակի հանդիպումէն ետք, Երուսաղեմէն դէպի Դամասկոս տանող ճանապարհին վրայ եւ որուն շնորհիւ Սաւուղ ապրեցաւ Քրիստոսի հետ հանդիպման կերպարանափոխ փորձառութիւնը ու կոչումը` նոր առաքելութեան, այն է բոլորին հռչակել Յիսուսը զոր ինք կը հալածէր։

Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ իր քարոզը զոր արտասանեց Երկուշաբթի 25 Յունուար 2016-ի երեկոյեան, Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ, ուր` Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին եւ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ փակման առթիւ նախագահեց համամիութենական ժամասացութեան արարողութիւնը. որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ ''այն պահէն Պօղոս կը հասկնայ թէ Քրիստոսի ու Քրիստոսի հետեւորդներու միջեւ կայ իսկական միութիւն մը։ Յիսուս կ՛ապրի անոնց հետ ու անոնք Յիսուսին մէջ։ Առաքեալ ըլլալու կոչումը չի հիմնուիր Պօղոսի մարդկային արժանիքներու վրայ որ ինքզինք կը համարէ ''անարժան'' ու ''յետին'' այլ Աստուծոյ անհուն  գթութեան վրայ որ զինք ընտրեց` անոր յանձնելով առաքելութիւն մը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշեց թէ Աստուծոյ առատ ողորմութիւնը միակ պատճառն է որուն վրայ կը հիմնուի Սուրբ Պօղոսի առաքելութիւնը ու միեւնոյն ատեն  առանցքը կը կազմէ առաքեալին քարոզութեան։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով ապա առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ու անոնց կրած հալածանքներուն հաստատեց թէ անոնց ու մեզի` մկրտուածներուս  համար պատիւ է ու մխիթարութիւն` գիտակից դառնալ թէ մենք ընտրուած ենք մաս կազմելու, Յիսուս Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ միջոցաւ իրագործուած` Աստուածային փրկութեան ծրագրին։ Հայրը կը սիրէ ու կ՛ուզէ փրկել բոլորը եւ ասոր համար կը կանչէ ոմանք անոնց պարգեւելով շնորհք` որպէսզի անոնց միջոցաւ հասնի բոլորին։

''Աստուծոյ համայն ժողովուրդին առաքելութիւնն է հռչակել Աստուծոյ սքանչելիքները ու ասոնցմէ առաջինը` Քրիստոսի Զատկուայ խորհուրդը որուն միջոցաւ անցանք մահուան ու մեղքի խաւարէն դէպի կեանքի շքեղութիւն որ նոր է ու յաւիտենական'' ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ նիւթը ու հաստատելով թէ ''մեզ բաժնող տարբերութիւններէն անդին ընդունինք որ ամէն մէկ քրիստոնէական կեանքի սկիզբը կայ միշտ կոչում մը որուն հեղինակն է նոյնինքն Աստուած։

Մենք կարող ենք յառաջանալ քրիստոնեաներու տեսանելի միութեան ճանապարհին վրայ ոչ թէ միայն երբ իրարու կը մօտենանք այլ ու յատկապէս երբ կ՛ապաշխարենք ու դարձի կու կանք։ Եւ դարձի գալ կը նշանակէ թոյլ տալ որ Տէրը ապրի ու գործէ մեր մէջ - ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը եւ ակնարկեց ''Ողորմութեան արտակարգ յոբելեանի տարուան'' հրաւիրելով  վերյիշել թէ քրիստոնեաներու իսկական միութիւնը անկարելի է առանց ամբողջական յանձնումին` Աստուծոյ Ողորմութեան ։

Նախ եւ առաջ ներողութիւն խնդրենք մեր բաժանումներու մեղքին համար, որոնք բաց վէրքեր են Քրիստոսի Մարմնին մէջ։

''Որպէս Հռոմի եպիսկոպոս եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովիւ` ներողութիւն կը հայցեմ կաթողիկէներու կողմէ այլ քրիստոնեայ եկեղեցիներու պատկան հաւատացեալներու նկատմամբ ոչ աւետարանական վերաբերմունքներուն համար, միեւնոյն ատեն բոլոր հաւատացեալները կը հրաւիրեմ որ իրենց կարգին ներում շնորհեն այլ քրիստոնեաներէ կրած վիրաւորանքներու համար'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու աւելցուց ''չենք կրնար ջնջել անցեալը, սակայն չենք ալ ուզեր որ անցեալի սխալներու բեռը շարունակէ աղարտել մեր յարաբերութիւնները։ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը վերանորոգէ մեր յարաբերութիւնները։''

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց քոյր եկեղեցիներու եւ այլ քրիստոնեայ դաւանանքներու, արարողութեան ներկայ գտնուող, ներկայացուցիչները ապա հրաւիրեց միանալ Յիսուս Քրիստոսի` Հօր Աստուծոյ ուղղուած աղօթքին ''թող ամէնքը մէկ ըլլան... որպէսզի աշխարհը հաւատայ։

Միութիւնը ըսաւ ապա Քահանայապետը քարոզը եզրափակելով Հօր Աստուծմէ տրուած  շնորհք մըն է, ու հայցեց երեկուայ եւ այսօրուայ քրիստոնեայ նահատակներու բարեխօսութիւնը որոնք կը վայելեն Աստուծոյ ներկայութիւնը, որպէսզի թիկունք կանգնին այս խոնարհ աղօթքին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.