2016-01-26 10:48:00

Սուրիոյ վերաբերեալ բանակցութիւնները պիտի սկսին յունուար 29-ին


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտարարած է, որ Ժընեւի մէջ Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւնները ընթացք պիտի առնեն Յուլիս 29-ին եւ երկարին 6 ամիսներու վրայ: Ըստ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին՝ ան նշած է, որ իրենք շատ զգուշ են «Ժընեւ-3»-ի մասնակցութեան հրաւէրներու յղման հարցին մէջ, սակայն ընդգծած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին համաձայն, ինք լիազօրուած է սուրիական ընդդիմութենէն կարելի եղածին չափ մեծաթիւ կողմեր ժողովին հրաւիրելու:

Տը Միսթուրա նշած է, որ որեւէ կողմ պէտք չէ Ժընեւի մէջ բանակցութիւններու սկիզբէն առաջ նախապայմաններ ճշդէ: «Հարցերը սկսան զարգանալ, եւ կը կարծեմ, որ ան որ անցեալին պայմաններ ճշդեց, սկսաւ հարցերը հասկնալ»,- նշած է ան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ զգուշացուցած էր, որ Սուրիոյ քրտական ուժերու Ժընեւի բանակցութեանց որեւէ մասնակցութիւն վտանգաւոր պիտի ըլլայ եւ պիտի առաջնորդէ հոլովոյթի ձախողութեան:

Աւելի առաջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին կարեւոր նկատած են Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի կողմէ Ժընեւի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններու սկիզբի թուականի շուտափոյթ յայտարարութիւնը:

«Լաւրով վերստին շեշտած է բոլորին կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 բանաձեւի բարեխիղճ կատարման անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ` ընդդիմութեան ներկայացուցչական պատուիրակութեան ձեւաւորումը եւ օրակարգին վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարի միասնական ճակատի ստեղծման, զինադադարի, մարդասիրական խնդիրներու լուծման եւ կառավարութեան ու անոր ընդդիմախօսներու փոխադարձ համաձայնութեան հիման վրայ քաղաքական բարեփոխումներու մշակման հարցերու ընդգրկումը»,- ընդգծած է նախարարութիւնը:

Սուրիական ընդդիմադիր համախմբումի բանբերը յայտնած է, որ համախմբումը այսօր ժողով մը պիտի գումարէ «Ժընեւ-3»-ին մասնակցութեան շուրջ որոշում մը որդեգրելու համար:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյգու հերքած է, թէ Ռուսիա կը ծրագրէ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժի 2-րդ ռազմակայան մը հաստատել:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.