2016-01-26 11:26:00

Յիսուս կ'ուզէ մեզ բժշկել. բանանք իրեն մեր սիրտերը


Յիսուս Գօսացած ձեռքով մարդուն ըսաւ «Ել եւ մէջտեղ եկուր» եւ հարցուց անոնց «ինչ բան արտօնուած է շաբաթ օրը. Բարիք ընել թէ չարիք, կեանք մը փրկել, թէ զայն կորսնցնել.

Եկուր ով Սուրբ Հոգի, բաց իմ սիրտս եւ հոգիս աղօթքի որպէսզի զայն կարենամ համեստ սրտով մտնել քու խօսքիդ խորը, օգնէ ինծի որ կարենամ լռութեան մէջ հասկնալ եւ պատրաստել իմ գաղափարներս ունկնդրելու եւ հասկնալու քու Աւետարանական խօսքդ:

Շնորհէ ինծի երկնային լոյսը յայտնաբերելու իմ սրտիս կարծրութիւնը եւ սիրելի ողորմութիւնը  զայն դարմանելու եւ փոխելու...

Հրեաները կը լրտեսէին Յիսուսի վրայ տեսնելու եթէ շաբաթ օրուան ընթացքին պիտի բժշկէր հիւանդը, իր առաքելութեան առջեւ եւ հանրութեան առջեւ ելլելէն ի վեր Հրեաները ուզեցին դիմադրել իրեն իրենց ամբաստանութիւններով: Զինք հեռացուցին որովհետեւ շաբաթ օրը հասկ կը փրցնէր եւ այսօր կը սպասեն իր դիրքը գօսացած ձեռքով մարդուն:

Շատ յայտնի է բոլորին զուգահեռական այս դէպքերը այս գօսացած մարդուն եւ փարիսեցիներուն ունեցած խիստ սրտերուն «Արդեօք շաբաթ օրուան ընթացքին աւելի լաւ պիտի ըլլար բարիք ընել քան չար գործեր կատարել, մարդու մը կեանքը ազատելու թէ զինքը սպաննելու: Յիսուս այս հարցումը հրեաներուն ուղղեց որովհետեւ կը կարծէին թէ շաբաթ օրը կարելի չէր բարիք մը ընել հակառակ որ օրէնքը կ'արգիլէր հրեաներուն չար գործերը ընելու:

Գոսացած ձեռքով մարդ մը կար: Այս հատուածին մէջ եկեղեցւոյ հայրերը շատ մը բացատրութիւններ կու տան զայն հասկնալու համար: խորհրդանշանական իմաստով, այս մարդուն հիւանդութեան մէջ կը տեսնէինք որոշ տկար կամ պակաս կոչ մը իր մարմնոյն մէջ որ զինք կ'արգիլէր բարիք մը ընելու բայց միեւնոյն ժամանակ  առողջացաւ շնորհիւ Յիսուսի ողորմութեան: Այս մարդը չէր կրցած քաշել այն պտուղը որուն միջոցաւ պատիւը պիտի ունենար ըլլալու Աստուծոյ պատկերը որպէս բարիք ընող մարդ մը եւ սակայն Յիսուս՝ որպէս մարդ եւ Արարած որ դարձաւ փրկիչը մեր դժուարութիւններուն իրեն դարձուց շնորհքը բարի մարդ ըլլալու՝ որպէսզի միշտ պատրաստ ըլլայ նոյնիսկ շաբաթ օրուան  ընթացքին տկարին հասնելու... Յիսուս  փրկեց զինք, իրեն շնորհելով հրաշքին շնորհքը իր մարմնոյն մէջ դնելով ուժը՝ շարունակելու համար ապրիլ ինչպէս ուրիշները այս մարդէն կը խնդրուի ոտքի ելլելու, Աստուծոյ շնորհքը ընդունելու եւ քալելու Յիսուսի առաքելութեան մէջ որպէս վկայ նախ քարոզչութեան Աւետարանին եւ ապա նոր  կեանքին որպէս ճշմարիտ վկան:

Ոտքի ել եւ Ձեռքդ երկարէ... Այդպէս կը խօսէր Յիսուս:  երբեմն մենք ալ մեր ձեռքը կը գօսացնենք երբ բարիք մը կը խնդրուի մեզմէ եւ ալ երբ մեր սրտերը կը կարծրացնենք կարգ մը մարդիկ դատապարտելով: Յիսուս կ'ուզէ  մեզ բժշկել. Մեզմէ կը պահանջէ որ երկարենք մեր ձեռքը իրեն եւ մեր սիրտը բանանք իրեն: Երբ Յիսուս փարիսեցիներէն խնդրանք մը ունէր, կը փափաքէր որ բարիք մը ընեն միշտ առանց օրը ճշդելու, որովհետեւ կ'ուզէր որոշ պատգամ մը հասցնէր ժողովուրդին թէ նախ այդ բարիքը մեծ կարեւորութիւն մը ունի մեր հոգիին համար քանի որ այս արարքին մէջ եղբայրական սէրը կը ցոլայ մեր Քրիստոնէական դիմագիծին վրայ, որովհետեւ քրիստոնէութեան մէջ սահման չունինք եղբայրասիրութեան եւ յարգանքին:

Ով Տէր, քու օրէնքներդ որ տուիր մեզի  չենք փնտռեր ճշտելու կերպը այլ զինք ծաղկելու քու ճշմարտութիւններուդ մէջ: Պահէ մեզ քու ողորմութեանդ մէջ մեզի օգնելով որ կարենանք ապրիլ քու հոգիիդ ազատութեան մէջ: Օգնէ ինծի որ ձեռքս երկարեմ միշտ տկար եղբօրս ցուցնելու մեզի տրուած սիրոյ շնորհքը Ամէն:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.