2016-01-25 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Հռոմի Լոմպարտօ անուան Ք.նորընծայարանի հասարակութեան հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 25 յունուար 2016-ի առաւօտեան, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ` Լոմպարտօ անուան Քահանայապետական նորընծայարանի հիմնարկութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ, ընդունեց նորընծայարանի 80 անդամները։  

Այս առթիւ Սրբազան Հայրը անոնց ուղղեց  պատգամ մը որուն մէջ ակնարկեց նորընծայարանի 50-րդ տարեդարձին եւ 11 նոյեմբեր 1965-ին, երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետկի կողմէ նորընծայարանի օրհնութեան ու նորընծայարանի  կէտնպատականին՝  ապրիլ Վատիկանեան Բ Տիզերական ժողովի հոգին որ է  հռչակել Աւետարանը նորանոր ձեւերով։

՝՝Լաւագոյն ձեւով քահանաներ պատրաստելու համար,  ըսաւ Սրբազան Հայրը, հարկ է ներքին ապաշխարութիւն, հիմնուելով Յիսուսի առաջին կոչին եւ ապրելով  Անոր հետ  յարաբերութեան մէջ ինչպէս կ՝ապրէր Պօղոս Առաքեալը, որուն դարձը  կը յիշատակենք այսօր։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա այս առընչութեամբ, որպէս տիպար դէմքեր ներկայացուց Սուրբ Քարլօ Պորրոմէոն յարելով  ''դուք Սրբութեան մեծ պատմութեան  վկաներն ու ժառանգորդներն էք,  Սուրբ Քարլոյի բաղձանքն է, որ Հովիւները հանդիսանան Աստուծոյ  ու ժողովուրդին ծառաները ՝ յատկապէս աղքատներուն նկատմամբ։Ան ապա զգուշացուց անձնական փառքը փնտռելէն շեշտը դնելով  կազմաւորումի երեք հիմնական իրողութիւններու մասին` աղօթք, մշակոյթ եւ հովուական խնամակալութիւն ու դիտել տալով թէ աւետարանումը այսօր` կարիքը ունի դարձեալ վերադառնալու ''պարզութեան'' ճանապարհին։ Պարզութեան կեանք, լեզուի պարզութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց թէ,  բարի եւ լաւ քահանաներ ըլլալու համար թեմի եպիսկոպոսի  յարաբերութիւնն ու մօտիկութիւնը  կարեւոր են։  Քահանայ մը որ եպիսկոպոսին հետ լաւ յարաբերութիւն չունի կամաց կամաց կը կղզիանայ ու անոր առաքելութեան պտղաբերութիւնը կը նուազի ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ 

Պատգամին աւարտին  իր խնդակցութիւնը յայտնեց ոչ միայն նորընծաներուն յանձնառումին այլ նաեւ  նորընծայարանի միջազգային հանգամանքին համար, որ յաճախուած է  աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած ուսանողներէն։ Կը մաղթեմ որ  հոն մշակուի բարեկամութեան գեղեցկութիւնը, յարաբերութիւն կերտելու արուեստը, ստեղծելու համար  քահանայական եղբայրակցութիւն մը որ աւելի ուժեղ  ըլլայ տարբերութիւններէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.