2016-01-25 10:20:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հասան Ռուհանիի հետ


Կիրակի 24 յունուարին, նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Սարգսեան  եւ Ռուհանի քննարկած են հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային օրակարգի շարք մը արդիական հարցեր:

«Նախագահները մտքեր փոխանակած են Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ վերջին պայմանաւորուածութիւններու իրագործման պայմաններուն մէջ երկկողմանի կապերու հետագայ զարգացման նոր կարելիութիւններուն վերաբերեալ, անդրադարձած են նաեւ այդ ծիրին մէջ դրական ազդեցութեան` ուղղուած շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման»:

«Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Հասան Ռուհանի կարեւոր նկատած են  շարունակել երկու երկիրներու միացեալ ջանքերուն շնորհիւ  արդիւնաւէտ եւ անխափան համագործակցութիւնը բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ հեռանկարային նոր նախաձեռնութիւններու իրագործման ուղղութեամբ` առաւելագոյնս օգտագործելով գոյութիւն ունեցող ներուժը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.