2016-01-25 10:35:00

Ահաբեկչական երկու ուժգին պայթումներ ցնցեցին Գամիշլին


ՀԱԼԷՊ.- «Գանձասար»ի թղթակից Յակոբ սրկ. Պարսումեան տեղեկացուց, թէ Գամիշլիի Մայամի պողոտային վրայ գտնուող «Սթար» ճաշարանին մօտ ահաբեկչական ուժգին երկու պայթումներ ցնցած են քաղաքը։
Նախնական տուեալներով արձանագրուած են 3 զոհեր, 6 վիրաւորներ, որոնցմէ մէկը՝ հայ։ Վիրաւորներէն մէկուն վիճակը ծանր է։
Շրջանի վաճառատուները նիւթական մեծ վնասներ կրած են։ Այժմ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը շրջափակած են տարածքը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, տեղի ունեցածը ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հեծանիւի մը մէջ զետեղուած ականներու պայթում է։








All the contents on this site are copyrighted ©.