2016-01-23 11:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 23 Յունուարի պաշտօնական հանդիպումները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 23 յունուար 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Չինաստանի` Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպան Տիար Մաթիու Լի, հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով, ապա ընդունեց Անտիոքի մարոնիներու Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռային, հուսկ Հռոմի քաղաքապետարանի Գերատեսուչ կառավարիչ` Տիար Ֆրանչեսքօ Փաոլօ Թրոնքա։

Նորին Սրբութիւնը ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Քոլոմպիացի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահական կազմին գլխաւորութեամբ Պոկոթայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ռոպեն Սալազար Կոմէսի, որոնցմէ ետք ընդունեց Արժանթինի Տիոեայ թեմի երբեմնի եպիսկոպոս Գերապայծառ Ռոպերթօ Ռոտրիկէզ։

Յայտնենք թէ Կիրակի` 24 յունուարի կէսօրին  Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ աւանդական Մարեմեան Աղօթքը իսկ երկուշաբթի 25 յունուարի ժամը 17,30-ին` Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին առթիւ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքաին մէջ կը գլխաւորէ Համամիութենական ժամասացութեան աղօթքը` եզրափակելով   Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի ութօրէքը որուն այս տարուայ որպէս նիւթ ընտրուած է ''Կանչուած հռչակելու Աստուծոյ սքանչելիքները''։

Ժամասացութեան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը  կը բերեն Հռոմի մէջ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները ինչպէս նաեւ Հռոմի կղերական դասն ու հաւատացեալները։








All the contents on this site are copyrighted ©.