2016-01-23 09:48:00

Տիեզերական եկեղեցին պիտի ունենայ երեք նոր Սուրբեր եւ եօթը երանելիներ։


Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 21 յունուար 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթոն։ Հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Հայրը արօտնութիւն շնորհեց ծիրանաւորին հրապարակելու Սուրբերու դատի ժողովի հայող նոր երեք սուրբերու ու եօթը երանելիներու ինչպէս նաեւ Աստուծոյ ծառաներու մարտիրոսական առաքինութիւններու հրամանագիրերը ։

Սուրբերու դասին արժանացող երեք  նոր սուրբերու  հակիրճ  կենսագրականը։

Վերոնշեալ հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը հրաման տուաւ ընդունիլ.

Երանելի եւ Սուրբ հռչակուելիք Սթանիսլաօ Տի Ճէզու Մարիայի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքը։ Երանելի Սթանիսլաօ աւազանի անունով Ճիովաննի , հիմնած է Անարատ յղութեան կղերիկոսներու միաբանութիւնը։ Ան ծնած է  8 մայիս 1631-ին, եւ վախճանած է 17 սեպտեմբեր 1701-ին։
Սուրբերու դասի արժանացող Երանելի Ժուզէփփէ Կապրիէլէ Տէլ Ռոզարիօյի բարեխօսուաթեամբ հրաշագործութիւնը ։ Ան ծնած է 16 Մարտ 1854-ին եւ հոգին աւանդած է 36 յունուար 1914-ին։
Երանելի Ժուզէփփէ Սանչեզ Տէլ Ռիօ Ռոզարիօյի բարեխօսութեամբ հրաշագործութիւնը։ Ան ծնած է 28 մարտ 1913-ին եւ վախճանած է 1928-ին։

Իսկ Երանելիներու շարքին պիտի արժանանան հետեւեալ Աստուծոյ ծառաներն ու աղախիները

 Աստուծոյ ծառայ Ֆրանչիսկոս Մարաի Կրէքոյի հրաշագործութիւնը.։ Ան եղած է թեմական քահանայ. հիմնած է փոքրիկ քոյրերու Սիրտ Յիսուսի աշխատաւորներու միաբանութիւնը։

Ծնած է 27 յուլիս 1857-ին եւ վախճանած է յունուար 1931-ին։

Աստուծոյ աղախին Էլիզապեթթէա Սաննայի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքը, ան եղած է  անդամ  Սուրբ Ֆրանչիսկոսի 3-րդ կարգի միաբանութեան։ Աստուծոյ աղախին էլիզապեթթա ծնած է 23 ապրիլ 1788-ին եւ վախճանած է 17 փետրուար 1857-ին։

 

 Աստուծոյ ծառայ Էնկելմար Ունզէյթիկի նահատակութիւնը,։ Ան եղած է քահանայ եւ կը պատկանէր Մարիաննհիլի անուան  միսիոնարներու միաբանութեան։Ծնած է 1 մարտ 1911-ին եւ սպաննուած իր հաւատքին համար 2 մարտ 1945-ին։

 Աստուծոյ ծառաներ Ճեննարօ Ֆուէյօի եւ իր 3 աշխարհական ընկերներու նահատակութիւնը։  Ան եղած է քահանայ եւ սպաննուած է  իր հաւատքին համար։

Աստուծոյ ծառայ Ճուսթօ Թաքայամա Ուքոնի նահատակութիւնը։ Ան եղած է աշխարհական եւ սպաննուած է իր հաւատքին համար 3 փետրուար 1615-ին։

Աստուծոյ ծառայ Արսենիօ Տա Թրիկոլոյի մարտիրոսական առաքինութիւնները։ Ան եղած է քահանայ եւ կը պատակնաէր Քափփուչչիններու փոքրիկ եղաբյրնրեու միաբանութեան։Հիմնած է  Սրբուհի Սրբոց Մարիամ Մխիթարիչ քոյրերու միաբանութիւնը։ Ծնած է 13 յունիս 1849-ին, եւ վախճանած է 10 դեկտեմբեր 1909-ին։

 Աստուծոյ աղախին Մարիա Լուիսայի մարտիրոսական առաքինութիւնները։ոյր Մարիա  ծնած է 16 նոյեմբեր 1826-ին եւ հոգին աւանդած է 3 սեպտեմբեր 1886-ին,։Ան հիմնած է Սուրբ Խաչի երկրպագու քոյրերու անուան միաբանութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.