2016-01-23 09:23:00

Մինսկի Խումբի միջնորդները ԵԽԽՎն յորդորած են՝ անակցութիւններուն վնասող քայլերու չդիմել։


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան ու Ռուսիան ներկայացնող Մինսկի խումբի համանախագահները կոչ ուղղած են Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) չդիմելու այնպիսի քայլերու, որոնք կրնան վնաս հասցնել Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն:

«Մենք գիտենք, որ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը մօտիկ ապագային կրնայ քննարկել հակամարտութեան վերաբերեալ բանաձեւեր, ուստի կը յիշեցնենք ԵԽԽՎին եւ այլ տարածաշրջանային ու միջազգային կազմակերպութիւններուն, որ Մինսկի խումբը կը շարունակէ մնալ բանակցութիւններու միակ ընդունելի ձեւաչափը: Մենք կը գնահատենք ԵԽԽՎի անդամներուն դրսեւորած հետաքրքրութիւնը, բայց կը յորդորենք չդիմել այնպիսի քայլերու, որոնք կրնան վնասել Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէ Մինսկի խումբին տրուած լիազօրութեան կամ ալ բարդացնել ընթացող բանակցութիւնները», 22 Յունուարին յայտարարած են համանախագահները:

Համանախագահները նաեւ ողջունած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման համար բանակցային կարգաւորում գտնելու ջանքերը: Ճէյմզ Ուորլիք, Փիեռ Անտրէ եւ Իկոր Փոփով յայտարարած են, որ պատրաստ են միասնաբար աշխատելու բոլոր անոնց հետ, որոնք հաւատարիմ են խաղաղ կարգաւորման գաղափարին:








All the contents on this site are copyrighted ©.