2016-01-23 09:21:00

ՄԱԿ.«Իրաքի մէջ յունուար 2014-էն ի վեր 18 հազարէն աւելի բնակիչներ զոհուած են»


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ 19 յունուարին Ժընեւի մէջ հրապարակուած ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն գործակալութեան վարչութեան (ՄԻԳԳՎ) եւ ՄԱԿ-ի Իրաքի աջակցութեան առաքելութեան (ԻԱԱ) միացեալ զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ յունուար 2014-էն ի վեր Իրաքի մէջ զինեալ տագնապին պատճառով 18 հազարէն աւելի խաղաղ բնակիչներ զոհուած են եւ աւելի քան 36 հազարը` վիրաւորուած:

«Քաղաքացիական բնակչութիւնը կը շարունակէ տառապիլ Իրաքի տագնապէն: 1 յունուար 2014-էն մինչեւ 31 հոկտեմբեր 2015 ՄԻԳԳՎ-ն եւ ԻԱԱ-ն տագնապին պատճառով քաղաքացիական անձերու շարքին արձանագրած են առնուազն 55 հազար 47 զոհ եւ վիրաւոր, ներառեալ` 18 հազար 802 մարդ սպաննուած է, իսկ 36 հազար 245-ը` վիրաւորուած», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:

Բազմաթիւ վկայութիւններու հիման վրայ կազմուած զեկուցումի հեղինակները կը նշեն, որ 1 մայիս 2015-էն մինչեւ 31 հոկտեմբեր սպաննուած է առնուազն 3855 մարդ եւ առնուազն 7056 բնակիչներ վիրաւորուած են: Կ՛ընդգծուի, սակայն, որ «քաղաքացիական բնակչութեան շարքերուն մէջ կորուստներու իսկական թիւը կրնայ զգալիօրէն աւելի մեծ ըլլալ», որովհետեւ զոհերու եւ վիրաւորներու վերաբերեալ տուեալներու ստուգումը դժուարութիւններու հետ կապուած է:

Փաստաթուղթին մէջ ներկայացուած տուեալներուն համաձայն, յունուար 2014-էն մինչեւ սեպտեմբեր 2015 աւելի քան 3 միլիոն 200 հազար իրաքցիներ հարկադրուած եղած են լքելու իրենց տուները: Անոնցմէ աւելի քան 1 միլիոնը դպրոցական տարիքի երեխաներ են:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.