2016-01-23 09:02:00

Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը ոգեկոչեց Կոմիտասը


Դա՛րձեալ ստիպուած ենք կրկնել մեր կողմէ շատ գործածուող նոյն նախադասութիւնը.-«Հակառակ Հալէպի պատերազմական իրավիճակին…»։ Այո՛, Հակառակ տիւ ու գիշեր Հալէպի վրայ կատարուած ռմբակոծումներուն, մեր գաղութը գրական-մշակութային ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, սրահներ կը լեցնէ բերնէ բերան։
Կիրակի, 17 Յունուար, նոյնը պատահեցաւ։ Ու հերթը՝ Հայ Կաթողիկէ համայնքինն էր։
Նոր Գիւղի Զուարթնոց եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահին մէջ համախմբուած բազմութիւնը ոգեկոչեց հայ երգի մեծանուն քրմապետին՝ Կոմիտասի յիշատակը, անոր մահուան 80-ամեակին առիթով (վարդապետը վախճանած է 1935-ին)։ Եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբը պատրաստեր էր կոկիկ յայտագիր մը, առաւելաբար գրական ու թատերական բովանդակութեամբ՝ ներկայացնելով տարաբախտ վարդապետին կեանքէն ու աշխատանքէն դրուագներ։ Բեմին վրայ՝ գլխաւոր դերը ստանձնած էր Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան, մարմնաւորելով իր անուանակից Կոմիտաս վարդապետը։ Նիւթին յարմար հատուածներ արտասանուեցան Դանիէլ Վարուժանէն ու Պարոյր Սեւակէն։ Աւարտին, եզրափակիչ խօսք արտասանեց կաթողիկէ հայոց առաջնորդը՝ Պետրոս արք. Մրէաթեան։
Ձեռնարկէն ետք, շուրջ յիսուն հրաւիրեալներ պատուասիրուեցան եկեղեցւոյ կից դահլիճը, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Այստեղ, նախ Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբի գործունէութան մասին, այնուհետեւ խօսք տուաւ զանազաններու (Գերապայծառ Մրէաթեան, Հռիփ Կանանեան, Սալբի Գասպարեան, Լեւոն Շառոյեան եւ Ժիրայր Ռէիսեան), որոնք անդրադարձումներ կատարեցին Կոմիտասի անունին ու արժէքին մասին։

Լեւոն Շառոյեան

Քաղուած` ''Հայերն այսօր'' էն








All the contents on this site are copyrighted ©.