2016-01-23 09:28:00

Կրօնաւորական կեանքի Տարուայ փակման եզրափակիչ արարողութիւնները


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 20 յունուարին, Կրօնական կեանքի հաստատութիւններու Քահանայապետական համաժողովը. հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց թէ Կրօնական կեանքի նուիրուած տարուան  փակման եզրափակիչ արարողութիւնները տեղի կ՛ունենան հռոմի մէջ  28 յունուարէն մինչեւ 2 փետրուար 2016-ին, որպէս բնաբան ունենալով ՝՝Կրօնային կեանք հաղորդութեան մէջ։ Միաւորող հիմքը՝ ձեւերու բազմազանութեան  մէջ՝՝։ Եզրափակիչ արարողութիւններուն նախատեսած է մասնակցութիւնը՝ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած աւելիք քան 4000 կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիներու։

28 յունուար- 2 փետրուար երկարող օրերուն տեղի պիտի ունենայ Աղօթքի հսկում ՝ միատեղ հաւաքելու համար աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները, ու միասնաբար խորացնելու իւրաքանչիւրի կոչումին իւրայատուկ ձեւերը, հայեացքը ուղղելով դէպի մարգարէական ապագայ։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ, հանդիպումի կէտնպատակն է  աւելի լաւ ճանչնալ կրօնական կեանքի մեծ ''մոզայիքը'', ապրիլ հաղորդութիւնը յայտնաբերելով միակ կոչումը` ձեւերու բազմազանութեան մէջ,  ինչպէս՝ վանական կեանքը, առաքելական  եւ աշխարհական հաստատութիւնները, նոր հաստատութիւնները եւ նոր կրօնական կեանքի ձեւեր։ Հաւաքին  կէտնպատակն է նաեւ միասնաբար ընթանալ՝  Ողորմութեան յոբելենական ճանապարհին վրայ՝ որ համայն կրօնաւորներուն  դարձեալ կը յանձնէ իրենց կոչումին իւրայատուկ պատուէրը՝ ըլլալ՝ Ողորմած Հօր նման, ըլլալ վկաներն ու կերտողները ճշմարտապէս ապրուած եղբայրութեան։

28 յունուարին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կայանալիք  աղօթքի հսկումի արարողութեան սկիզբ պիտի տայ Գերապայծառ Խօսէ Ռոտրիկէզ Քարպալլօ, ներկայութեամբ Կարդինալ Խօսէ Պրազ Տէ Ավիզին։ Ապա 29 յունուարին, ձեռնակներուն մասնակցող բոլոր կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները պիտի հաւաքուին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ մինչ  30-31 յունուար, Հռոմի 5 զանազան վայրերուն մէջ, կրօնական տարբեր միաբանութեան  պատկան կրօնաւորները պիտի համախմբուին միասնաբար խորացնելու համար  իւրաքանչիւրի իւրայատուկ  կոչումին յատկանշական տեսակէտերը։

Փետրուար մէկին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ , Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ ձեռնարկին մասնակցող բոլոր կրօնաւորներուն ու  կրօնաւորուհիներուն։

Կրօնաւորական կեանքի Տարուայ  եզրափակիչ արարողութիւնները իրենց գագաթնակէտին պիտի հասնին, 2 փետրուարի առաւօտեան , Հռոմի մէջ յոբելենական ուխտագնացութեամբ, հուսկ յետմիջօրէին՝ Կրօնական կեանքի 20-րդ համաշխարհային օրուայ առթիւ. Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ զոր պիտի ՝նախագահէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.