2016-01-23 08:56:00

Ալճերիոյ եպիսկոպոսները կը յիշատակեն Շարլ տը ֆուքոյի մահուան հարիւրամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ալճերիոյ եպիսկոպոսները հովուական թուղթ մը հրատարակած են Շարլ տը ֆուքոյի մահուան հարիւրամեակին առթիւ որուն մէջ Երանելին կը սահմանեն որպէս աշխարհի համար ճշմարիտ տիպար`ու Աւետարանի վկայ։ Անոր կեանքն ու գրութիւնները արդարեւ կը շարունակեն ներշնչել Ալճերիոյ եկեղեցին։

Եպիսկոպոսները լաւագոյնս ոգեկոչելու Շարլ տը ֆուքոյի մահուան յոբելեանը ուզեցին ամբողջ տարի մը նուիրել անոր անձին` Ողորմութեան յոբելենական տարւոյն հետ միասին։

Արարողութիւնները սկիզբ առին անցեալ 4 Դեկտեմբերին ու պիտի եզրափակուին մէկ Դեկտեմբեր 2016-ին։

Շարլ տը ֆուքօ եղաւ բոլորին եղբայրը` Յիսուսի նմանելու համար։ Անոր կեանքը  յատկանշուեցաւ Նազարէթի Յիսուսի նմանութեամբ, սկսեալ աղօթքի կեանքին ու աղքատներու հանդէպ ցուցաբերած հոգատարութենէն։ Անոր մեծ բաղձանքն էր ըլլալ ''տիեզերական եղբայր''։

2005-ին երանելի հռչակուեցաւ։ ֆրանչիսկոս Պապը անոր օրինակը տալով ընտանիքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընթացքին ըսաւ ''Շարլ տը ֆուքօ ըմբռնեց որ Աստուծոյ սիրոյ մէջ աճելու համար հարկաւոր է ուրիշները սիրել, խնամել ու անոնց հոգ տանիլ''։

Ալճերիոյ եպիսկոպոսները լաւագոյն կերպով ոգեկոչելու Շարլ տը ֆուքոյի յիշատակը նպատակադրած են  աւելիով ճանչցնել Երանելիին կեանքն ու առաքելական վկայութիւնը։ Այս ծիրէն ներս Նախատեսուած է կազմակերպել շրջուն ցուցահանդէս մը ի յայտ դնելու Շարլ տը ֆուքոյի պատկերը որպէս գերազանց վկան Աստուծոյ ողորմութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.