2016-01-22 14:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմինիքա կղզիի հանրապետութեան նախագահին շնորհած ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 22 Յունուար 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Տոմինիքա կղզիի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Շարլ Անճելօ Սավարին,  որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտուեցան երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները ընդգծելով Պետութեան ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ համագործակցութիւն  ու այս վերջինիս բերած սատարը`մարդկային արժանապատուութեան զարգացումին, երիտասարդներու դաստիարակութեան եւ կարիքաւորներու խնամակալութեան ասպարէզներէն ներս։

Շօշափուեցան ապա տարածաշրջանի ու համաշխարհային հարցերու հայող նիւթեր` յատկապէս անդրադառնալով  բնապահպանութեան, կլիմայական փոփոխութիւններուն եւ բնական աղէտներուն որուն թիրախ է կղզին եւ որոնք ծանր վնասներ ու զոհեր կը պատճառեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.