2016-01-22 12:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Եթէ Եպիսկոպոսը աղօթքի մարդ չէ Եկեղեցին կը տառապի''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Եպիսկոպոսին պարտականութիւնն է աղօթել եւ Յիսուսի Յարութիւնը հռչակել։ Եթէ եպիսկոպոսը չ՛աղօթեր եւ Աւետարանը չի քարոզեր, այլ ուրիշ բաներով կը զբաղի, Աստուածոյ ժողովուրդը կը տառապի'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի կեդրոնական նիւթը։

Սրբազան Հայրը ներշնչուելով օրուան Աւետարանէն ուր կը խօսուի առաքեալներու ընտրութեան մասին հաստատեց թէ առաքեալները առաջին եպիսկոպոսներն են եւ Յիսուս զանոնք կ՛ընտրէ ''որպէսզի իր հետ ըլլան ու ապա առաքուին` քարոզելու եւ սատանաները արտաքսելու''։  Յուդայի մահէն ետք անոր փոխարէն Մատթէոսը կ՛ընտրուի։ Առաքեալները Եկեղեցւոյ սիւներն են եւ մենք եպիսկոպոսներս  պատասխանատուութիւնը ունինք  վկաներ ըլլալու։ Վկաներ` Յիսուս Քրիստոսի որ կենդանի է, Տէրն է եւ  Յարուցեալ։ Վկայել որ Ան կը քալէ մեր հետ, մեզ կը փրկէ, իր կեանքը տուաւ մեզի համար։ Ան մեր յոյսն է, մեզ միշտ կ՛ընկալէ ու միշտ կը ներէ։ Մեր կեանքը ըլլալու է վկայութիւն։ Իսկական վկայութիւն Քրիստոսի Յարութեան'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով թէ Եպիսկոպոսը ունի երկու կարեւոր պարտականութիւններ որոնց առաջինը աղօթքն է։ Եպիսկոպոսին գործը Հովուական ծրագիրներ մշակել չէ` ո՛չ,,,ո՛չ, այլ աղօթելն է։ Երկրորդ պարտականութիւնը վկայ ըլլալն է, այսինքն քարոզել փրկագործութիւնը։ Երկու դժուար պարտականութիւններ յանձնուած Եկեղեցւոյ սիւներուն։ Սակայն երբ եպիսկոպոսը չ՛աղօթեր եւ Աւետարանը չի քարոզեր այլ ուրիշ բաներով կը զբաղի, Եկեղեցին կը տկարանայ ու Աստուծոյ ժողովուրդը կը տառապի'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց ներկաները թախանձագին աղօթելու եպիսկոպոսներուն համար որպէսզի անոնք կարենան իրենց ''սիւն-ի'' պարտականութիւնը լաւապէս կատարել։

Աղօթեցէք եպիսկոպոսներուն համար ըսելով. Տէր` պահապան կանգնիր իմ եպիսկոպոսիս, պահապան կանգնիր բոլոր եպիսկոպոսներուն ու մեզի առաքէ եպիսկոպոսներ որոնք ըլլան իսկական վկաներ, եպիսկոպոսներ որոնք կ՛աղօթեն ու եպիսկոպոսներ որոնք մեզ կ՛օգնեն իրենց քարոզութեամբ հասկնալու Աւետարանը ու վստահ ըլլալու որ Դուն` Տէր, կենդանի եւ ու կը բնակիս մեր մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.