2016-01-22 13:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կատարեց Առաքելական Ատեանի Դատական տարուան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 22 Յունուար 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Տոմինիքա կղզիի հանրապետութեան նախագահ Տիար Շարլ Անճելօ Սավարին, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը, որոնցմէ ետք յաջորդաբար ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լուտվիկ Միւլլեր, ''Apple'' ընկերութեան գլխաւոր գործադիր պաշտօնատար` Տիար Թիմոթի Տոնալտ Քուքը եւ Վատիկանի Եկեղեցական ատեանի տարեշրջանի բացման առթիւ` վերին ատեանի նախագահը եւ առաքելական դատարանի անձնակազմը, որոնք ապա Քահանայապետին ընկերացան  եւ Քլեմենթինա Սրահին մէջ մասնակցեցան Քահանայապետին գլխաւորած առաքելական դատարանի դատական տարւոյն բացման արարողութեան, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը իր  արտասանած խօսքին մէջ   նկատել տուաւ թէ եկեղեցական բարձր ատեանը վաղուց ի վեր ''նպաստաւոր'' կառոյց մը եղած է  Սուրբ Պետրոսի յաջորդին համար, որպէսզի, եկեղեցին որ անքակտելիօրէն զօդուած է ընտանիքին, կարենայ շարունակել հռչակել  Արարիչ եւ Փրկիչ Աստուծոյ ծրագիրը հայող  ընտանիքին Սրբութեան ու գեղեցկութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ,  սահմանելով եկեղեցական ատեանը  որպէս ընտանիքի ատեան շեշտը դրաւ նաեւ ատեանի այլ յատկութան վրայ որ է ''սուրբ պսակի կապի ճշմարտութեան ատեան'' հաստատելով թէ այս երկուքը իրար կ՛ամբողջացնեն։  Եկեղեցին արդարեւ կարող է ցուցաբերել Աստուծոյ ողորմածութեան սէրը ընտանիքներուն, յատկապէս՝ մեղքերով խոցուած ընտանիքներուն,  ու միաժամանակ հռչակել ամուսնութեան վեհ ճշմարտութիւնը՝ Աստուծոյ ծրագրին համաձայն։

 Ֆրանչիսկոս Պապ  իր ճարին մէջ մատնանշեց  ընտանիքի մասին եպիսկոպոսներու երկու սիւնհոդոսներուն, եւ այդ սիւնհոդոսներէնն  յառաջ եկած ճշմարտութիւններուն` թէ ''կարելի չէ շփոթութիւն ստեղծել Աստուծոյ ծրագիրի համաձայն ստեղծուած ընտանիքի ու այլ միութիւններու միջեւ''։ Ասոր համար ձեր պարտականութիւնն է այս ճշմարտութիւնը երաշխաւորել ու զայն պահպանել նկատի առնելով նաեւ այն իրողութիւնը որ անոնք որոնք կեանքի զանազան պայմաններու բերումով ''սխալած'' են կը շարունակեն վայելել Քրիստոսի ողորմած սէրը։

Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ անլուծելի պսակի վրայ հիմնուած ընտանիքը՝ կը պատկանի Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ երազանքին՝ մարդկութեան փրկութեան համար ու մէջբերեց  Երանելի Պօղոս Զ-ի խօսքերը. ''Սուրբ Պսակի եւ ընտանիքի միջոցաւ, Աստուած՝ մարդկութեան երկու մեծագոյն ճշմարտութիւնները իրար զիրար միացուց. կեանք սփռելու առաքելութիւնը, եւ այր մարդու ու կնոջ  միջեւ փոխադարձ ու օրինական սէրը, որոնց տղամարդն ու կինը կանչուած են  իրար զիրար ամբողջացնելու,  փոխադարձ անձնուիրումով՝ ոչ միայն ֆիզիքական այլ նաեւ հոգեւորապէս''։

Եկեղեցին ու ընտանիքը իրարու զօդուած են։ Եկեղեցին արդարեւ Աստուծոյ ընտանիքն է ու ընտանեկան հոգին ըլլալու է Եկեղեցւոյ սահմանադրական թղթածրարը։ Եւ Ճիշտ որովհետեւ Եկեղեցին Մայր ու Դաստիարակ է գիտակից է թէ քրիստոնեաներու միջեւ կան անձինք որոնք զօրաւոր հաւատքով են եւ այլք որոնք տկար ու մոռցուած հաւատքով կ՛ապրին։ Ասոր համար Ան յատուկէն պէտք է հոգայ բոլորին, հաւատքի կազմաւորումի միջոցաւ եւս, վերահաստատելով սուրբ Պսակի խորհուրդի սկզբունքները ոչ որպէս քիչերուն վերապահուած իտէալ մը այլ որպէս իրականութիւն որ Քրիստոսի շնորհքով կարելի է ապրիլ բոլոր մկրտուած հաւատացեալներէն։

Սրբազան Հայր  իր ճարին աւարտին, բոլոր ներկաներուն շնորհաւորեց նոր տարին ու մաղթեց բարի աշխատանք ապահովեցնելով իր աղօթքնքերը ու խնդրելով որ աղօթեն նաեւ իրենց համար ապա հայցեց Սուրբ Կոյս  Մարիամին եւ Սուրբ Յովսէփին հովանին ու բարեխօսութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.