2016-01-22 09:37:00

Պատրիարք Սաքօ''Կասեցուցէք քրիստոնեաներու ջարդը''


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի Քաղդէացիներու պատրիարք` գերերջանիկ  Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Արեւմուտքէն կը խնդրէ վերջ տալ քրիստոնեաներու ցեղասպանութեան։

''Ժամը հնչեց ստանձնելու ձեր պատասխանատուութիւնը նախքան Միջին Արեւելքի ընդհարումը տարածուի։ Ժամանակը հասաւ միացնելու ոյժերը, քրիստոնեաներ ու մահմետականներ ձեռք ձեռքի տուած, վերջ տալու սպանդին ու կործանումին։ Ժամանակն է վերահաստատելու խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը։ Կը խնդրենք որ ձեր կարելին ընէք կասեցնելու ցեղասպանութիւնը''։ Այս եղաւ սրտակէզ կոչը Իրաքի Քաղդէացիներու պատրիարք` գերերջանիկ  Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոյին ուղղուած Եւրոպայի ազգային ժողովի նախագահ` Martin Schulz-ին մինչ Սդրազպուրկի մէջ կը խօսուի ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած սպանդի ու ջարդի մասին։։








All the contents on this site are copyrighted ©.