2016-01-22 12:23:00

Աստուծոյ մարդասէր ողորմութիւնը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ


Ագաթանգեղոսի Պատմութեան մէջ կը կարդանք, թէ Տրդատ թագաւորը ամէն տեսակի չարչարանքներու կը մատնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ վերջապէս զայն նետել կու տայ Խոր Վիրապ։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ իր չարչարանքներուն մէջ կրկին ու կրկին կը խօսի Աստուծոյ ողորմութեան եւ գութի մասին։ Ան կը բացայայտէ Աստուծոյ ողորմութիւնը աշխարհի ստեղծումէն սկսեալ, մինչեւ Որդւոյն մարդեղութիւնը, եւ ապա բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք կը հաւատան եւ կը վստահին Անոր։ Սուրբ Գրիգոր Աստուծոյ ողորմութիւնը կը տեսնէ մարդկային պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն, իւրաքանչիւր մարդու կեանքին մէջ, չարչարանքներու եւ տանջանքներու մէջ իսկ։ Այնտեղ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը յայտնուի՝ ոչ տանջանքները փարատելով՝ այլ տանջանքերու մէջ հաւատացող անհատին զօրութիւն եւ մխիթարութիւն շնորհելով։ «Տիրոջ մեծասքանչ ողորմութիւնը զիս կենդանի պահեց» կը հաստատէ Սուրբ Գրիգոր։ Անոր խօսքերով՝
Աստուած ամենազօր սրտաբուխ բարերարութեամբ գոյացուց արարածները։
Աստուած գթաց մեր մարդկային տկարութեան, եւ զայն չզրկեց Իր բարերարութենէն՝ շնորհիւ Իր անսպառ ողորմածութեան։
Ներող երկայնմտութեամբ երկիր ուղարկեց սուրբ մարգարէները։
Որդին եկաւ յանցագործ մարդոց մեղքերու պատիժները եւ տառապանքները իր վրայ կրելու։
Աստուած իր մարդասէր ողորմութեամբ կը խրատէ մարդիկ։
Ան իր բարերարութեամբ կոչ կ՝ընէ՝ որդեգրուելու Իրեն։
Աստուած պահելով Իր բարկութիւնը՝ ցոյց կու տայ Իր ողորմածութիւնը բոլոր մարդոց առհասարակ։ Եւ Սուրբը կը խնդրէ՝ «Ցոյց տուր Քու մարդասէր շնորհքիդ գութը, որով կ՝ապրի ամբողջ երկիրը առհասարակ՝ շնորհիւ քու քաղցր ներողամտութեան։» Եւ կոչ կ՝ուղղէ՝ «Մօտեցէք անոր շնորհքներու աթոռին եւ ողորմութիւն գտէք Անկէ։»
Սուրբ Գրիգոր իր տանջանքներուն մէջ կ՝աղօթէ՝ «Արդ երբ Աստուածութիւնդ գթաց մեր մարդկային տկարութեան, զայն չզրկեցիր քու բարերարութենէդ՝ շնորհիւ քու անսպառ ողորմածութեան։ Ներող երկայնմտութեամբդ երկիր ուղարկեցիր սուրբ մարգարէները. իսկ քու սիրելիներդ, որոնք երկրի լուսաւորիչներ եղան, առաքեցիր հեթանոս ազգերու խաւարին մէջ, եւ անմիտ ու անօրէն մարդոց կողմէն ատելի դառնալով՝ հալածուեցան։ Անոնք յայտնեցին քու լուսաւոր խորհուրդներդ եւ քարոզեցին Քու կամքդ եւ Քու Որդւոյդ գալուստը աշխարհ, որ պիտի գար յանցագործ մարդոց մեղքերու պատիժները եւ տառապանքները իր վրայ կրելու։
Տէ՛ր, տուր ինծի զօրութիւն՝ համբերելու իմ փորձութեան ցաւերու նեղութեան եւ ողորմէ ինծի, ինչպէս ողորմեցար այն աւազակին, որ մասնակից էր Քեզի՝ Քու խաչի չարչարանքներուդ, եւ ցոյց տուր Քու մարդասէր շնորհքիդ գութը, որով կ՝ապրի ամբողջ երկիրը առհասարակ՝ արդարներ եւ մեղաւորներ՝ շնորհիւ քու քաղցր ներողամտութեան։ Որովհետեւ Քու արեգակդ կը ծագես թէ՛ չարերու եւ թէ՛ բարիներու վրայ. եւ անձրեւ կը տեղացնես արդարներու եւ մեղաւորներու վրայʼ. (հմմտ. Մտթ Ե. 45) եւ պահելով Քու բարկութիւնդ՝ ցոյց կու տաս Քու ողորմածութիւնդ բոլոր մարդոց առհասարակ։» (Է.)
Խոր Վիրապէն դուրս գալով՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ իր խօսքը կ՝ուղղէ ժողովուրդին։ Ագաթանգեղոսի պատմութեան մէջ կը կարդանք՝ «Իսկ կապեալ Գրիգոր իսկոյն սկսաւ խօսիլ եւ ըսել՝ Դուք կ՝ըսէք, թէ քու Աստուածդ՝ Աստուած եւ արարիչ է. ան ամենազօր սրտաբուխ բարերարութեամբ անիմանալի ու աննիւթական բանէն գոյացուց նիւթական արարածները։ Նոյն ինքը աստուածեղէն զօրութեամբ անտեղ, անվայր, ոչինչ բանէն հրամայեց հաստատել երկիրը։ Ամէն ինչ ստեղծեց Ան՝ ամենակալ, ամենաստեղծ ու ամենատէր Աստուած։ Զայն ճանչցէք, որպէսզի ձեր յանցանքներու ցաւերը բուժուին այդ պատուհասէն։ Ան իր մարդասէր ողորմութեամբ խրատեց ձեզ ըստ աստուածային իմաստութեան խօսքին, ինչպէս ըսաւ՝ թէ Տէրը կը խրատէ այն անձը, զոր կը սիրէ, կը ծեծէ այն որդին, որուն կը հաւանի։ (Առակ Գ. 12) Ան՝ Իր բարերարութեամբ ձեզի կոչ կ՝ընէ՝ որդեգրուելու Իրեն։
Արդ, ճանչցէք Զայն, որ ձեզ խաւարէն կոչեց Իր փառքի սքանչելի լոյսին, մօտեցէք Անոր շնորհքներու աթոռին եւ ողորմութիւն գտէք Անկէ, որպէսզի թօթափէք անօրէնութեան ամէն չար աղտ, ձեր անձերը կենդանի ջուրով լուաք եւ արժանի ըլլաք ձեր վրայ հագնելու փառքի լոյսի պատմուճանը։» (ԻԱ.)
Սուրբ Գիրգոր Լուսաւորիչ ժողովուրդին կը խօսի նահատակներու մասին եւ կʼըսէ՝ «Իսկ առանց անոնց վկայութեան, արդեօք կարելի չէ՞ր հաւատարիմ ըլլալ։ Բայց այդ կատարուեցաւ, որպէսզի Աստուած բարձրացնէ զանոնք, որոնք սիրեցին Զինք։ Նոյնպէս եւ մեր շունչը մնաց մեր մարմնի մէջ, թէպէտ մեզի մարմնական նեղութիւններ հասան, վշտեր եւ անասելի ցաւեր՝ բոլոր մարդոցմէ աւելի տանջուելով։ Մարդկային մարմինը ոչ իսկ մէկ օր կարող չէր տոկալ այդ ահաւոր չարչարանքներուն։ Կամ թէ արդեօք կարո՞ղ է մարդ՝ օր մը լոկ ապրիլ այն սարսափելի խոր վիրապին մէջ, ուր ես թաղուած էի օձերու մէջ, որպէս շեղջերու մէջ, եւ կը վխտային անոնք իմ մարմնի մասերուն վրայ, սակայն Տիրոջ մեծասքանչ ողորմութիւնը զիս կենդանի պահեց։ Եւ թէեւ արժանի չէի՝ ահաւասիկ կը մշակեմ ձեր մէջ հոգիրներու եւ մարմիններու բժշկութիւնը. ձեր հոգիներու եւ մարմիններու բժիշկ դարձայ ձեզի մատուցանելու այն՝ ինչ որ օգտակար է։» (ԻԱ.)

 








All the contents on this site are copyrighted ©.