2016-01-21 12:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ ուխտավայրերու եւ սրբավայրերու մէջ գործող կամաւորներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 21 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Վատիկանի մէջ ընդունեց Փառակուայի մօտ Պապական նուիրակ ` Գերապայծառ Էլիզէօ Անթոնիօ Արիոթթին, ապա` հաւատարմագրերու ներկայացման առիթով  Սուրբ Աթոռի մօտ Պուրքինա Ֆասոյի  նորանշանակ դեսպան` վսեմաշուք Տիար Ռոպէրթ Քոմբաօրէն, հուսկ Արժանթինի Ավելլանետա Լանուս թեմի եպիսկոպոս Գերապայծառ Ռուպէն Օսքար Ֆրասսիա։ Ժամը՝ 11.30ին, Ուրպանօ Ը անուան մատրան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ`  Սուրբ Ագնէսի տօնին առթիւ, աւանդական օրհնութիւնը կատարեց  իրեն ներկայացուած զոյգ մը գառնուկներուն։

Հուսկ ՝Ժամը 11.45-ին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Քահանայապետը հանդիպեցաւ Յոբելինական տարին նշող աւելի քան 3000  ուխտավայրերու եւ սրբավայրերու մէջ գործող կամաւորներուն ու սրբավայրերու մեծաւորներուն հետ  եւ այս այս առթիւ անոնց ուղղած պատգամին մէջ  ըսաւ՝՝Ուխտագնացութիւնը՝ Աստուծոյ ժողովուրդին, հաւատքի ամենէն պերճախօս  արտայայտութիւնն է, ուր կը յայտնաբերուի սերունդներու գթութիւնը, որ պարզութեամբ հաւատացին եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի ու սուրբերուն բարեխօսութեան ապաւինեցան։ Սոյն ժողովրդական բարեպաշտութիւնը՝ ձեւ մըն է աւետարանացման ,որ միշտ կարիքն ունի արժեւորուելու եւ գնահատուելու՝ առանց արժեզրկելու անոր կարեւորութիւնը։Ֆրանչիսկոս Պապ  նկատել տուաւ թէ, սխալ է այն ըմբռնումը, որ ուխտաւորները ուխտագնացութեան ընթացքին  չեն ապրիր անհատական այլ  զանգուածային հոգեւորականութիւն մը։ Իրականութեան մէջ դիտել տուաւ Քահանայապետը ուխտաւոր մը իր հետ կը տանի , իր պատմութիւնը , իր յատուկ հաւատքը եւ կեանքի խաւարն ու ճրագը։ Իւրաքանչիւր ուխտաւոր իր սրտին մէջ կը կրէ յատուկ իղձ ու աղօթք, եւ երբ ուխտավայր կը մտնէ անմիջապէս ինքզինք կը զգայ իր տան մէջ,   հիւրընկալուած եւ հասկցուած։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտը դրաւ  ուխտաւորներուն հայող ամենակարեւոր երեւոյթին վրայ որ է ''հիւրընկալութիւնը''։

Հիւընկալութիւնը ամէն ինչ է ըսաւ Սրբազան Հայրը մէջբերելով Աւետարանէն Յիսուսի խօսքերը՝՝Ով որ զիս կ՝ընդունի. կ՝ընդունի Ան որ զիս ղրկեց՝՝ (Մատթ 10.40) Ապա  օրինակ բերաւ Սուրբ Պօղոսը, որ բոլորին հանդէպ հիւրասէր գտնուած է, եւ իր բնակավայրը դարձած է՝ Աւետարանը հռչակելու վայր։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսեցաւ ուխտաւորի հոգեկան եւ մարմնական  իրավիճակի մասին ըսելով

՝՝Ուխտաւոր մը  երբ սրբավայր կը հասնի յաճախ ինքզինք   յոգնած վիճակի մէջ կը զգայ , անոր ֆիզիքական յոգնութիւնը կը ցոլացնէ նաեւ իր ներքին իրավիճակը։ Ուստի, ուխտաւորը կարիքը կը զգայ լաւ  ընդունելութեան՝ ըլլայ նիւթական ըլլայ հոգեւոր գետնի վրայ։ Կարեւոր է շեշտեց Սրբազան հայրը, որ երբ ուխտաւոր մը մուտք գործէ սրբավայր` ինքզինք  զգայ հիւրէ աւելի` որպէս ընտանիքի անդամ։

Այնպէս մը ընենք,  որ իւրաքանչիւր ուխտաւոր ունենայ ուրախութիւնը՝ վերջապէս զգալու թէ հասկցուած եւ սիրուած է բոլորին կողմէ իսկ երբ ան տուն վերադառնայ պատմէ  իր ապրած գեղեցիկ փորձառութիւնները։

Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսեցաւ այլ հիւրընկալութեան ձեւի մասին որ իւրայատուկ է ''Աստուծոյ ներողամտութիւնը մատակարարպղներուն''։ ''Այդ  ընդունելութիւնը իւրայատուկ ընդունելութիւն է'' հաստատեց Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ  Սրբավայրը ներողամտութեան տուն է, իւրաքանչիւր անձ  այնտեղ կը հանդիպի Աստուծոյ քաղցրութեան որ վերապահուած է  բոլորին առանց բացառութեան։  

Այն անձը, որ խոստովանանքի խորհուրդին կը մօտենայ անիկա  կ՛ընէ, որովհետեւ զղջացած է եւ կը զգայ թէ Աստուած զինք պիտի չի դատապարտէ այլ՝  բազկատարած  զինք պիտի ընդունի` այնպէս ինչպէս ըրաւ Հայրը անառակ որդիին հետ։  Այն Քահանաները, որոնք սրբավայրերու մէջ  խոստովանանքի խորհուրդը կը մատակարարեն ,պէտք ենք իրենց սիրտը լեցնել ողորմութեամբ ու իրենց վերաբերմունքը ուխտաւորներուն հանդէպ պէտք է նմանի հօր վերաբերմունքին  թելադրեց

Ֆրանչիսկոս Պապ  ու խօսքը եզրափակեց ներկաներուն յորդորելով,  Ողորմութեան տարին ապրիլ Հաւատքով ու ուրախութեամբ, ու ապրիլ զայն որպէս միակ եւ մեծագոյն ուխտագնացութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.