2016-01-21 09:12:00

Ռայի Պատրիարքը Պապական Նուիրակին հետ քննարկեց եկեղեցական եւ ազգային հարցեր


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիան, որուն հետ քննարկեց եկեղեցական եւ ազգային հարցեր:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայէղը, որ յայտնեց, թէ Պքերքէ այցելած է Ռայի պատրիարքին օրհնութիւնը ստանալու` նախագահական ընտրութեան հարցով կուսակցութեան գումարելիք ժողովին առիթով:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի մեկնի Հռոմ:








All the contents on this site are copyrighted ©.