(Ռատիօ Վատիկան)''Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ. Ողորմութեան ներգործութիւնները Յոբելինական ուղեւորութեան ընթացքին'' այս է Ֆրանչիսկոս Պապի 2016 տարուայ քառասնորդաց շրջանի պատգամի նիւթը, որուն ներկայացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ 26 յունուար 2016-ին, Սուրբ Աթոռի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան մամլոյ գրասենեակին մէջ։
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Քոր Ունում – մէկ սիրտ Քահանայապետական խորհուրդի անդամ եւ Ակրիճենթօ թեմին առաջնորդ կարդինալ Ֆրանչիսկոս Մոնթենեկրօ , վերոնշեալ խորհուրդի քարտուղար Գերապայծառ Ճիամփիեթրօ Տալ Թոզօ ինչպէս նաեւ խորհուրդի ենթաքարտուղար Գերապայծառ Սէկունտօ Թէյատօ Մունոզ։ Պատգամը պիտի հրատարակուի 7 լեզուներով Իտալերէն, Ֆրանսերէն, Գերմաներէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն եւ Լեհերէն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |