2016-01-21 09:17:00

Յունաստան կը մեղադրէ Թուրքիան ապօրինի ներգաղթեալներու հարցով։


Գերմանական «Տէօչը Վելէ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս մեղադրած է Թուրքիան` ներգաղթեալներ անօրինական ճամբով Եւրոպա ուղարկելու գործով զբաղող յանցագործներուն աջակցելու համար:

«Ես մեծ մտահոգութիւն ունիմ, որ թուրք մաքսանենգները, որոնք մարդոց կը տեղափոխեն, կը ստանան իշխանութիւններու աջակցութիւնը: Նախ եւ առաջ, նաւահանգիստներու  վարչակազմերը կը ձեւացնեն, թէ իրենց ոչինչ յայտնի է», ըսած է Յունաստանի նախագահը:

Փաւլոփուլոսի խօսքով` Յունաստանի իշխանութիւնները ապացոյցներ ունին: Մաքսանենգներու գործը «ստրկավաճառութեան պէս բան մըն է», ընդգծած է նախագահը:

Նշենք, որ Եւրոպական ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ գաղթականներ ապօրինաբար Եւրոպա տանելու գործը 2015-ին 6 միլիառ տոլարի եկամուտ մը ապահոված է:








All the contents on this site are copyrighted ©.