2016-01-20 16:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Տավոսի համաշխարհային Տնտեսական հաւաքին։


(Ռատիօ Վատիկան)  20-23 Յունուար Զուիցերիոյ Տավոս շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենայ  համաշխարհային Տնտեսական հաւաքը։ Այս առթիւ չորեքշաբթի` 20 Յունուար 2016-ի յետմիջօրէին Կարդինալ Թուրքսոն` որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ վերոնշեալ ժողովին, Սրբազան Պապին նամակը յանձնեց Տավոսի Տնտեսական Համաշխարհային Հաւաքին հիմնադիր ու գործադիր նախագահ` փրոֆեսոր Klaus Schwab-ին։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն կը յայտնէ իրեն ուղղուած հրաւէրին մասնակցելու Համաշխարհային Տնտեսական տարեկան հաւաքին, որուն այս տարուայ նիւթն է. ''Տիրապետել ճարտարարուեստական չորրորդ յեղափոխութեան վրայ''։

Նորին Սրբութիւնը դիտել կու տայ որ ''ճարտարարուեստական չորրորդ յեղափոխութիւնը'' պատճառ դարձաւ վերածելու բանուորներու թիւը։ Աշխատանքի համաշխարհային Կազմակերպութեան վերջին տուեալներու համաձայն ներկայիս տասնեակ միլիոնաւոր բանուորներ գործազուրկ են։

Ազգային ու միջազգային տնտեսութեան ֆինանսաւորումի ու գիտարուեստի հետեւանքով բազմաթիւ երկիրներու մէջ անհաւասարութեան ու աղքատութեան աճում արձանագրուած է։ Ուստի հարկաւորութիւնը կայ գործարարական նոր տիպարներու ստեղծումին ի սպաս արժանաւոր աշխատանքի  ու ընկերային իրաւունքի ամրապնդումին ։ ''Մարդը պէտք է ուղղէ եւ տիրապետէ արհեստագիտական զարգացումին վրայ առանց որ անոր ենթարկուի'' կը գրէ Քահանայապետը ու ապա  կոչ կ`ուղղէ, ''Մի՛մոռնաք աղքատները''։ Այս է գործարարական աշխարհի ղեկավարներու առաջնահերթ մարտահրաւէրը` Այն որ կարելիութիւն ունի արժանավայել կեանք մը ապրելու փոխանակ մտածելու առանձնաշնորհումներուն պէտք է օգնէ աղքատները անոնց երաշխաւորելով արժանավայել կեանքի պայմաններ, յատկապէս մարդկային, մշակութային եւ ընկերային զարգացումի միջոցաւ''

Բնաւ պէտք չէ թոյլ տանք որ ''բարօրութեան մշակոյթը'' մեզ դարձնէ ''անկարող'' յուզուելու ուրիշին ցաւին դիմաց եւ անկարող ցնցուելու` ուրիշներու ողբերգութեան առջեւ, կարծես թէ այս բոլորը մեզմէ դուրս ու մեզի անծանօթ պատասխանատուութիւն մը ըլլային''։

Ուրիշի ցաւին դիմաց ողբալ` լալ, չի նշանակեր միայն մասնակից դառնալ անոր տառապանքին այլ գիտակից դառնալ թէ մեր ներգործութիւնները յաճախ պատճառ են անարդարութիւններու եւ անհաւասարութեան։ Բանանք ուրեմն մեր աչքերը աշխարհի թշուառութեան դիմաց ու տեսնենք մեր բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու վէրքերը որոնք զրկուած են արժանապատուութիւնէն ու անսանք անոնց աղաղակին։ Մեր ձեռքերը երկարենք անոնց որպէսզի  ոտքի կանգնին ու զգան մեր ներկայութեան ջերմութիւնը` մեր բարեկամութիւնն ու եղբայրութիւնը։ Թող անոնց ճիչը դառնայ մերը որպէսզի միասնաբար կարենանք խորտակել անտարբերութեան պատնէշները'' կը գրէ ապա Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ դիտել տալով թէ ''երբ գիտակից կը դառնանք այս բոլորին կը դառնանք լիովին մարդ''։ Ան ապա կը հրաւիրէ Չվախնալ մեր միտքն ու սիրտը բանալու աղքատին։           

Յաչս ներկայ յեղաշրջումներուն, աշխարհի ղեկավարները կանչուած են դիմակայելու` ճարտարարուեստական չորրորդ յեղափոխութեան արտադրած  մարդամեքենայի, գիտական ու ճարտարարուեստական նորութիւններուն մարտահրաւէրները, որոնք կ`առաջնորդեն անհատի կործանումին, դարձնելով երկրագունդը մարդ-արարածէ զուրկ այգիի մը` փոքրաթիւ ընտրեալներու հրճուանքին համար։

Ընդհակառակը, ներկայ ժամանակը բարեպատեհ առիթ կու տայ առաջնորդելու եւ ղեկավարելու այժմէական ընթացքը եւ կերտելու ընկերութիւն մը հիմնուած` յարգանքի ու մարդկային արժանաւորութեան վրայ, հանդուրժողութեան վրայ, կարեկցութեան ու ողորմութեան վրայ։

Կը խրախուսեմ ձեզ աշխատելու ապագայ երկրագունդի կերտումին` որ է ''մեր հասարակաց տունը'' ու միացեալ ջանքով հետապնդելու ամբողջական զարգացումը։

Այս իմաստով, առանձնայատուկ երկխօսութեան միջոցաւ, Համաշխարհային Տնտեսական Հաւաքը կարող է դառնալ բեմը` արարչագործութեան պաշտպանութեան ու պահպանութեան ու աւելի առողջ, մարդկային ու ընկերային բարգաւաճումի։

ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամը կ`եզրափակէ մաղթելով յաջողութիւն Տավոսի հանդիպումին ու հայցելով Աստուածային առատ օրհնութիւն` մասնակցողներուն ու անոնց պարագաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.